2016-11-16 13:56:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


 Զաւակներ մեծցնելով ծնողական աստուածահաստատ հոգիի պարտք կատարելու նման սուրբ գործ չկա՛յ այս կեանքին մէջ: Նուիրական առաքելութիւն, որուն երբեմն նոյնիսկ անգիտակցաբար կը լծուին շատ երիտասարդ ծնողներ: Կարելի չէ՛ այդ առաքելութիւնը ժխտել, մերժել, դրժել, կամ ատոր դիմաց թումբ կանգնել: Ատոր մասին ըսելիք չկայ:
Մեր վերնագիրը թերեւս առաջին հայեացքով այդ տպաւորութիւնը թողու, այդ պատճառով ալ ստիպուեցանք այս բացատրականը գրել: Սակայն, մեր նիւթը չի՛ վերաբերիր ատոր: Այլ՝ ընկերային կեանքի մէջ փոքր հարցերը մեծցնելու ու կեանքը բարդացնելու երեւոյթն է մեր քննարկումի առարկան:
Առաջին իսկ առիթով պէտք է հաստատել, թէ տարբեր մարդոց բնաւորութիւնները մեծ դեր կ՛ունենան հարցերը դիտելու ու անոնց լուծում բերելու ձեւերուն մէջ: «Որքա՛ն մարդ, այդքա՛ն բնաւորութիւն», կ՛ըսէին հիները: Ոմանք պատահած տուեալ դէպք, դրական թէ ժխտական, շուտով մոռնալու ունակութիւնը ունին, իսկ ուրիշներ մինչեւ իսկ իրենց կեանքին վախճանը կը յիշեն որեւէ դէպք, որ պատահած է, եւ կրնան ատիկա վերապատմել ու վերստին ներկայացնել ամենայն հարազատութեամբ: Կեանքի մէջ պատահած որեւէ դէպք մանրամասնութեամբ քննարկելը կամ լրջութեամբ դիտելը, նաեւ խառնուածքի հարց է: «Անտարբերութիւն» պէտք չէ՛ կոչել այն երեւոյթը, երբ մարդ իր շուրջը պատահած դէպքերուն մեծ ուշադրութիւն չ՛ընծայեր: Նոյնիսկ դրական կարելի է որակել այս մօտեցումը, որովհետեւ ամէն ինչով շատ հետաքրքրուողը, իր գործին չի՛ կրնար հասնիլ, ու առօրեայ իր հոգերը շա՛տ աւելի կը բարդանան:
Շրջապատի անցուդարձով շատ չհետաքրքրուող մարդուն երբեմն «անհոգ մարդ» պիտակը կը փակցնեն՝ նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ դարձնելով զայն, երբ հարցերուն պաղարիւնութեամբ փորձէ մօտենալ ան: «Օձը վրան նետես՝ դարձեալ չի՛ շարժիր», կ՛ըսեն իրեն մասին, սակայն առանց գիտնալու, թէ ենթական պարզապէս չ՛ուզեր հետաքրքրուիլ, իր կեանքը չխճողելու եւ հանդարտութեամբ իր գործին նայելու համար միայն:
Այլ խառնուածքի տէր մարդիկ, յատկապէս՝ միշտ զուարթ երեւոյթով մանկամիտներ, իրենց շրջապատի հարցերուն մասին սովորական հետաքրքրութիւն ունենալէ բացի, հաճոյք կը զգան նոր նիւթեր իմանալէ, զանոնք քննարկելէ, մեծցնելէ ու մանաւանդ՝ ծիծաղելէ: Ասոնց համար ամէնէն հետաքրքրական նորութիւնները ուրիշին անձնական կեանքին վերաբերող նիւթերն են, երբեմն՝ մանրուքներ, աննշան դէպքեր կամ խօսքեր, որոնք իբրեւ աշխարհի կարեւորագոյն պատահարներ՝ շուտով ասոր ու անոր կը ներկայացնեն, չկարենալով իրենց թուքը կլլելու իսկ վայրկեան յատկացնել: Իսկ իրենց լսած այդ անկարեւոր խօսքերը, երբեմն մեծ իմաստասէրներու մտածումներուն նման գոց կը սորվին, որպէսզի կարենան յարմար թէ անյարմար առիթներով արտասանել, «հաճելի պահ» ստեղծելու համար իրենց ընկերական շրջանակին մէջ. Առանց սակայն անդրադառնալու որ նոյն պահուն իրենցմէ բացի ո՛չ ոք կը խնդայ կամ հաճոյք կ՛առնէ մանկամտօրէն ներկայացուած այդ «թատրոն»էն։

«Մրջիւնը փիղի մի՛ վերածեր» խրատը յաճախ լսուած կրնայ ըլլալ, ուղղուած՝ ոչինչէն մեծ խնդիրներ յարուցանող մարդոց: Անցեալին պատահած որեւէ դէպք, անոնք նոր ախորժակով ու նոր եռանդով կը վերապատմեն, յիշողութեան արթնութիւնը կորսնցուցած ծերունիներու նման, որոնք միեւնոյն անձին, միեւնոյն պատմութիւնը, միեւնոյն բառերով ու միեւնոյն ընդհատումներով կը պատմեն՝ կարծելով, թէ առաջի՛ն անգամ ըլլալով կը ներկայացնեն այդ:

Ոչ հասուն անձեր ր պէտք չէ՛ երբեք մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքին լծուին, որովհետեւ իրենց մէջ կրնայ շատ աւելի շեշտուիլ պարզամտութիւնը, որով կը սկսին կեանքի ամէնէն պարզ երեւոյթները մեծցնելու եւ «փիղի» վերածելու՝ մանկունակ հաճոյքով:
Թէ ովքե՞ր կ՛ըլլան առաջին վնասուողները այս երեւոյթէն՝ պարզ է. հարցերը մեծցնողները, իրե՛նք:

Այս պարզ խրատին՝ ՜՜Մի՛ մեծցներին՝՝ ետին, կայ շա՜տ մեծ իմաստ, որ մարդկութեան կեանքին մէջ յառաջ եկող դժուարութիւններու լուծման բանալին է: Եթէ ամէն տեսածդ, ամէն լսածդ, ամէն խօսածդ, ամէն տեղ պիտի ըսես, փիղէն աւելի մեծ կենդանիի օրինակը պէտք պիտի ըլլայ՝ կատարած աւերդ ներկայացնելու համար։

Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան








All the contents on this site are copyrighted ©.