2016-11-15 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ժամանակակից այրերն ու կիները ծարաւն ունին Աստուծոյ ողորմութեան''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 15  նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հոլանտացի 2000 կաթողիկէ ուխտաւորներուն հետ, որոնք Հռոմ ժամանած են Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարուան առթիւ եւ որոնք առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ մասնակցեցան Սուրբ Պատարագի զոհին զոր` Հոլանտացի բոլոր եպիսկոպոսներուն հետ միասին գլխաւորեց Հոլանտայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը եւ Ութրեխթ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Ուիլլէլմ Էյճքը։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոլանտացի ուխտաւորներուն ուղղեց հակիրճ ողջոյնի խօսք մը որուն մէջ նշեց թէ անոնց ներկայութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ, նշան է Հոլանտայի Եկեղեցւոյ ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին միջեւ կայացած հաղորդութեան։

Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ` Սուրբ Տարին մեզ աւելիով կը կապէ Յիսուս Քրիստոսին` Հօր Աստուծոյ ողորմածութեան դիմագիծը'' եւ դիտել տուաւ թէ ''համայն աշխարհը կարիքը ունի աստուածային  ողորմութեան, որովհետեւ այդ ողորմութիւնը մեզ կը փրկէ ու մեզի կեանք կու տայ ու մեզ կը վերակենդանացնէ որպէս Աստուծոյ զաւակներ։

''Մենք Աստուծոյ փրկագործ բարիքը կը փորձարկենք յատկապէս ապաշխարութեան ու զղջումի խորհուրդին մէջ'' ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով թէ խոստովանանքը այն պահն է ուր կ՛ընդունինք ներումի եւ Աստուծոյ ողորմութեան պարգեւը, եւ այնտեղ է որ սկիզբ կ՛առնէ մեր իւրաքանչիւրի վերափոխումի գործընթացը ու Եկեղեցւոյ կեանքի վերանորոգումը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա քաջալերեց ներկաները իրենց սրտերը բանալու ու թոյլ տալու որ Աստուծոյ Ողորմութիւնը  ձեւաւորէ զանոնք որպէսզի դառնան ողորմութեան գործիքներ, կարող վկայելու Հօր Աստուծոյ սէրը ամենօրեայ կեանքին մէջ։

''Ժամանակակից այրերն ու կիները ծարաւն ունին Աստուծոյ, ծարաւն ունին Անոր սիրոյն ու բարութեան'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը թելադրելով որ իրենք եւս` որպէս ողորմութեան խողովակներ, օժանդակեն` յագեցնելու համար այս ծարաւը եւ օգնեն մարդիկը մօտենալու ու ճանչնալու Քրիստոսը` մարդկութեան փրկիչը, եւ այս ընել եղբայրօգնութեան ճանապարհով յատկապէս ուշադիր ըլլալով անոնց որոնք կարիքաւոր են ու կամ իրենց ճակատագրին լքուած։  

Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց Հոլանտայի համայն եկեղեցին յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական հովանիին` Ողորմութեան Մայրը։ Ապա բոլորին շնորհեց առաքելական օրհնութիւնը` իր սովորութեան համաձայն ներկաներէն խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.