2016-11-14 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը յոբելեանի կամաւորներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 12 նոյեմբերին, ողորմութեան Սուրբ տարուան շաբաթ օրուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յատուկ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ողորմութեան Սուրբ տարուան՝ արտակարգ յոբելեանի,  իրենց թանկարժէք նպաստը բերող աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած  չորս հազար կամաւորներուն որոնց մեծամասնութիւնը իտալացի են` եւ որոնցմէ 1800 անհատներ կը պատկանին Մալթայի ասպետական կարգին , որոնք կը գործէին առողջապահական խնամակալութեան ծիրէն ներս։

Իտալիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն,Արժանթինէն, Պրազիլէն, Մեքսիքոյէն եւ Քոլոմպիայէն ժամանած կամաւորները,  անհատապէս արձանագրուած էին Յոբելեանի  պաշտօնական կայքէջին միջոցաւ ու Հռոմի մէջ, Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին զանազան բնագաւառներէն ներս ու յատկապէս ընկերանալով , առաջնորդելով  բազմաթիւ հաւատացեալ ուխատւորներ դէպի Քահանայապետական տաճարներ, Սուրբ դուռերէն  անցք կատարելու համար։

Նշենք, թէ  յոբելինական վերջին շաբաթ օրուան հրապարակային ունկնդրութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ 600 կամաւորներ։ Անոնց մէջ կային Մալթայի ասպետական կարգի եւ կարմիր խաչի ներկայացուցիչներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.