2016-11-14 09:58:00

Ուժգին երկրաշարժէ մը ետք ծովաշարժ մը կը հարուածէ Նոր Զելանտան:


7,8 աստիճան երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ Նոր Զելանտայի Սաութ Այլընտ շրջանին մօտ: Տեղական ժամանակացոյցով կէս գիշերէն ետք տեղի ունեցած երկրաշարժին կեդրոնը Քրայսթչըրչէն շուրջ 95 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր:

Երկու ժամ ետք ծովաշարժ մը հարուածեց կղզիին հիւսիսարեւելեան ծովեզերեայ շրջանը: Բնակիչները նախօրօք զգուշացուած էին շրջանէն դէպի աւելի բարձր վայրեր հեռանալու:

Քրայսթչըրչէն 181 քիլոմեթր հեռու գտնուող Քայքուրայի մէջ ալիքին բարձրութիւնը հասաւ 2,5 մեթրի: Սակայն քաղաքային պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ աւելի բարձր ալիքներ, որոնք կրնան մինչեւ 5 մեթր բարձրութեան հասնիլ, կրնան հարուածել Մալպորոն, Սաութ Այլընտի հիւսիսարեւելեան ծայրամասն ու Քրայսչըրչէն հարաւ գտնուող Պանքս թերակղզին:








All the contents on this site are copyrighted ©.