2016-11-14 10:08:00

Թրամփի նախագահ ընտրութեան դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին:


Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգի Ինտիանափոլիս  քաղաքին մէջ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեան դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերու ընթացքին վիրաւորուեցան երկու ոստիկաններ:

Ինտիանափոլիսի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ երեք անձեր ձերբակալուած են եւ երկու ոստիկաններ վիրաւորուած, երբ ցուցարարները քարկոծած են ոստիկանութիւնը, մինչ վերջինս կը փորձէր քաղաքի կեդրոնին մէջ կարգ ու կանոնը պահպանել:

Թրամփի դէմ բողոքները փակած են նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ շուրջ հարիւր ցուցարարներ փակած են Ուաշինկթընի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկուն փապուղին` խանգարելով քաղաք մուտքն ու ելքը:

Ամերիկեան շարք մը քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան ընդդէմ Թրամփի նախագահ ընտրութեան:

Մեծագոյն ցոյցերը տեղի կ՛ունենան Նիւ Եորքի, Աթլանթայի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆիլատելֆիոյ եւ Փորթլենտի մէջ:

Ցոյցերը վերածուած են անկարգութիւններու, եւ ոստիկանութիւնը շարք մը ցուցարարներ ձերբակալած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.