2016-11-14 12:09:00

Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրացազրոյցը Վատիկան կատարած երրօրեայ այցելութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւարտեց Վատիկան  կատարած երրօրեայ այցելութիւնը որուն ընթացքին Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ որոնց շարքին նշենք Վատիկանի պետական քարտուղար` կարդինալ Փարոլինը,Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ` կարդինալ Սանտրին ու Վատիկանի Միջ եկեղեցական յարաբերութեանց Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Քոխը։

Արամ Ա հայրապետը առիթ ունեցաւ այցելելու նաեւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, ապա կարճ այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող Լեւոնեան վարժարան եւ գնահատեց այդտեղ կատարուող եկեղեցանուէր աշխատանքը:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Արամ Ա կիրակի 13 նոյեմբերի առաւօտեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ''Դամասկոսը յոյսի պրիսմակ'' Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցին հայող միջազգային համագումարին, ու այս առթիւ ունեցաւ կարեւոր ելոյթ մը որուն ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն ու քրիստոնեաներու դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն։ Այս առընչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը զրոյց մը ունեցաւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հետ­, որուն ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայացուց Իր զեկոյցին պարունակութիւնը։ 

Արամ Ա Կաթողիկոս հուսկ անդրադարձ կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումի մասին ինչպէս նաեւ Կարդինալ Փարոլինին հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ ունեցած զրոյցի մասին։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խնդրանքով Վեհափառ հայարապետը  հուսկ սրտի պատգամը ուղղեց համայն հայութեան` ՀՀ անկախութեան ու Արցախի ազատագրման 25-րդ յոբելեանի առթիւ։

 

 

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.