2016-11-13 11:00:00

Ընկերութենէն բացառուած անհատներու Յոբելեանի առթիւ Սուրբ Պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան արտակարգ Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս, Կիրակի 13 նոյեմբեր 2016-ին, Սուրբ Տարուայ փակման արարողութիւնը կանխող Կիրակին, Ընկերութենէն բացառուած անհատներու Յոբելեանի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ժամանած տնանկներ եւ ընկերութենէն բացառուածներ ու հազարաւոր հաւատացեալներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին, ընթերցուածի ու Աւետարանի ընթերցումներէն ետք Նորին Սրբութիւնը Մաղաքիա մարգարէէն առնուած օրուան ընթերցուածի խօսքերով սկսաւ իր քարոզը՝ «Եւ ձեզի՝ իմ անունիս երկիւղածներուն պիտի ծագի արդարութեան արեգակը» (Մաղ Դ. 2)։ Մարգարէն Աստուծոյ պատկանողները կը հակադրէ անոնց, որոնք իրենք զիրենք ինքնաբաւ կը նկատեն, եւ աշխարհի բարիքներուն մէջ կը գտնեն իրենց կեանքի ապահովութիւնը։

Հին Կտակարանի այս ընթերցուածը մեր մէջ կեանքի իմաստին հայող հարցեր կը յառաջացնէ՝ «ու՞ր պէտք է փնտռեմ իմ ապահովութիւնս. Տիրո՞ջ, թէ այլ բաներու մէջ, որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն։ Իմ կեանքս ու՞ր ուղղուած է, իմ սիրտս ի՞նչ նպատակի կʼընթանայ - դէպի կեանքի Տէ՞րը, եւ կամ դէպի անցողական բաներ, որոնք յագուրդ չեն տար»։

Նաեւ օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը այսպիսի հարցերու դիմաց կը դնէ մեզ։ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուի, իր երկրային կեանքի ամենէն կարեւոր հանգրուանին, մահուան եւ յարութեան դիմաց։ Այն մարդոց, որոնք կը հիանային տաճարի գեղեցկութեան վրայ, Յիսուս կʼըսէ՝ «Պիտի գան օրեր, ուր պիտի տեսնէք, որ քար քարի վրայ պիտի չմնայ» (Ղուկ ԻԱ. 6)։ Ապա Ան կը խօսի արհաւիրքներու մասին։

Յիսուս չʼուզեր մեզ վախի մատնել, այլ մեզի կʼուզէ ըսել, թէ այն ինչ որ կը տեսնենք անխուսափելիօրէն անցողական է։ Ապա ժողովուրդի հարցումը՝ «Ե՞րբ պիտի կատարուին այդ բոլորը, եւ ի՞նչ են նշանները»։ Յիսուս կը յորդորէ չերթալ սուտ քարոզիչներու ետեւէն։ Այն անհատը, որ Յիսուսի կը հետեւի, մտիկ չʼըներ դժբախտութեան մարգարէներու, աստղագուշակութեան ունայնութեան եւ կանխատեսութիւններու՝ որոնք վախ կը յառաջացնեն մեր մէջ՝ մեր հայեացքը շեղելով էականէն։ Մինչ Տէրը կոչ կʼուղղէ զանազանել այն ինչ որ Իրմէ՛ կու գայ եւ այն ինչ որ սուտ հոգիէն կու գայ։ Որեւէ ժամանակի անցուդարձները, Յիսուսի աշակերտը վախի պէտք չէ մատնեն, նոյնիսկ ծանրագոյն եւ անարդար փորձանքներու դիմաց։

Յիսուս կը յորդորէ յարատեւել բարիին մէջ եւ վստահութիւնը դնել Աստուծոյ վրայ՝ «Ոչ իսկ մազ մը ձեր գլխէն պիտի կորսուի»։ Աստուած, Իրեն հաւատացողները երբեք չի  մոռնար։

Սրբազան Հայրը աւելի մանրամասն կերպով անդրադարձաւ անցողական կեանքի, եւ շեշտեց, որ մեր կեանքէն պէտք չէ դուրս ձգենք ոչ Աստուած եւ ոչ ալ մեր մերձաւորը։

Վերջապէս, նկատելով Յոբելինական Սուրբ Տարւոյն աւարտին, ան ըսաւ՝ «Այսօր, աշխարհի չորս կողմ, տաճարներու եւ սրբավայրերու մէջ, կը փակուին Ողորմութեան Դռները։ Խնդրենք շնորհքը՝ չփակել մեր աչքերը Աստուծոյ դիմաց, որ մեզի կը նայի, ոչ ալ մեր մերձաւորին դիմաց, որ մեզի կը հանդիպի։ Բանանք մեր աչքերը Աստուծոյ, մաքրելով սրտի հայեացքը խոտորեցնող եւ սարսափազդու բաներէ, իշխանութեան եւ պատիժներու չաստուածէն, ամբարտաւանութեան գաղափարներէ եւ մարդկային վախերէ։ Վստահութեամբ նայինք ողորմութեան Աստուծոյ, այն ապահովութեամբ՝ թէ «սէրը երբեք վերջ չունի» (Ա. Կոր ԺԳ. 8)։ Նորոգենք իսկական կեանքի յոյսը՝ որուն կոչուած ենք, այն յոյսը որ անցողական չէ եւ որ մեզի կը սպասէ Տիրոջ եւ մերձաւորի հաղորդութեան մէջ՝ այն ուրախութեան մէջ, որ յաւիտենական է։ Բանանք մեր աչքերը մեր մերձաւորին դիմաց, յատկապէս մեր մոռցուած եւ մերժուած եղբօր դիմաց։»








All the contents on this site are copyrighted ©.