2016-11-12 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը առողջապահութեան գործիչներու 31-րդ ժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ, շաբաթ, 12 նոյեմբերին, պատգամը մը ուղղած է Առողջապահութեան Գոծիչներու Քահանայապետական Խորհուրդի միջազգային 31րդ ժողովի մասնակիցներուն։ Պատգամը հասցէագրուած է Գերապայծառ Ժան-Մարի Մուփենտաւաթուի, քարտուղար յիշեալ խորհուրդի։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ժողովի մասնակիցներուն, իրենց մատուցած ծառայութեան համար։

Ժողովին իրենց բաժինը կը բերեն աշխարհի չորս կողմէն ժամանած “ցանցառ” եւ “անտեսուած” ախտաբանութիւններու մասնագէտներ, որոնք կը գործեն բժշկական, ընկերային, իրաւաբարոյական եւ տնտեսական մարզերէն ներս։

Ըստ Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան, “ցանցառ” հիւանդութիւններէն 400 միլիոն մարդ կը տառապին իսկ “անտեսուած” հիւանդուիւններէ տառապողներու թիւը կը հասնի մէկ միլիարի, որոնց մեծամասնութիւնը կ’ապրի աղքատ երկիրներու մէջ։ Այս իրականութիւնը, նկատուած համաճարակաբանութեան, գիտութեան, բուժարանային ծառայութեան, առողջապահական եւ տնտեսական տեսանկիւններէ՝ վիթխարի մարտահրաւէր է. “Վիթխարի, սակայն՝ ոչ անկարելի”, շեշտեց Սրբազան Պապը։ “Նկատի առնելով խնդրի բարդ կառոյցը, հարկաւոր է գիտական բազմաբնոյթ եւ համադրեալ մօտեցում. ջանք մը, որ կը միակոչէ հետաքրքրութիւն ունեցող մարդկային բոլոր իրականութիւնները, ըլլան անոնք հիմնարկային կամ ոչ, որոնց կարգին նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ միշտ իր պատճառականութիւնը եւ մղիչ ուժը կը գտնէ իր Տիրոջ, խաչեցեալ եւ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց քանի մը նկատառումներ, որոնք կրնան նպաստ մը բերել ժողովի ընթացքին կատարուելիք քննարկումներուն։

Նախ՝ եթէ մարդկային անհատը առաջնահերթ արժէքն է, ուրեմն պէտք է հետեւցնել, թէ իւրաքանչիւր անհատ, եւ յատկապէս տառապողը, անկասկածօրէն արժանի է ամէն ջանքի՝ ընկալուելու, խնամուելու եւ, եթէ կարելի է, ապաքինելու։

Երկրորդ՝ Եկեղեցւոյ համար առաջնահերթութիւն է՝ յարաշարժօրէն մնալ “դուրս գալու” վիճակի մէջ, գործնական կերպով վկայելու աստուածային ողորմածութիւնը։

Երրորդը՝ արդարութեան խնդիրն է։ Հարկը կայ արդարութեան յստակ աղէրսի մը՝ “իւրաքանչիւրին տալ իր իրաւունքը”։ Ասոր սկզբնապատճառը կը գտնենք Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման հիմնական երեք սկզբունքներուն մէջ։ Առաջին՝ ընկերայնութեան սկզբունքը, որուն համաձայն անհատի բարիքը կ’արտացոլայ ամբողջ հասարակութեան վրայ։ Երկրորդ՝ օժանդականութեան սկզբունքը, որ նեցուկ կը կանգնի, կը խթանէ ընկերային զարգացումը եւ իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը՝ իրականացնելու ինզինքը եւ իր օրինաւոր ու բարի ձգտումները։ Երրորդը՝ զօրակցութեան սզկբունքն է, ուր պէտք է որոշուի առողջապահական ռազմավարութիւն մը, որ նկատի առնէ անհատը իբր արժէք, նկատի առնէ եւ հասարակաց բարիքը։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ՝ “Խնդրենք ամենասուրբ Մարիամէն, որ Առողջութիւն է հիւանդներու, որ պտղաբեր դարձնէ այս ժողովի աշխատանքները։ Անոր վստահինք, որ միշտ աւելի մարդկային դարձնենք այն ծառայութիւնը, որ օր ըստ օրէ, աշխարհի ամէն կողմ, առողջապահութեան մասնագէտներ, կը մատուցանեն տառապողներուն։ Սրտանց կ’օրհնեմ բոլորդ, ձեր ընտանիքները, ձեր հասարակութիւնները, ինչպէս եւ անոնք, որոնց կը հանդիպիք հիւանդանոցներու եւ բուժարաններու մէջ։ Կ’աղօթեմ ձեզի համար. եւ դուք, կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի համար։”








All the contents on this site are copyrighted ©.