2016-11-12 11:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց ընտանիք կազմած նախկին քահանաներ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, ուրբաթ, 11 նոյեմբերին՝ յետմիջօրէին,  Ողորմութեան Ուրբաթ օրուայ առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այցելեց Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող   փոքրիկ բնակարան  մը , ուր հանդիպւմ ունեցաւ 7 ընտանիքներու հետ­, կազմուած՝ տարիներու ընթացքին քահանայութենէն հեռացած երիտասարդներէ։ Այս առնչութեամբ, Սուրբ Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է.՝՝ Սրբազան Հայրը սոյն այցելութեամբ ուզեց  իր  մօտիկութիւնն ու գորովը  ցուցաբերել  այլ ընտրանք կատարած եւ յաճախ իրենց ընտանիքներուն եւ  եղբայրակից քահանաներուն կողմէ մերժուած երիտասադրներուն նկատմամբ։։

Սուրբ Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ ՝“Տարիներ ամբողջ ժողովրդապետութիւններու մէջ  քահանայական վսեմ խորհուրդին  նուիրումով՝ ծառայութիւն կատարելէ ետք , կը պատահի,  որ  քահանայութիւնը ձգած երիտասարդներուն միայնակ վարած կեանքը,  կրած անհասկացողութիւնը եւ   իրենց հովուական գործունէութեան  մեծ պատասխանատուութեան  յոգնութիւնը , տագնապի մատնէ  քահանայական սկզբնական  ընտրանքը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանապետը ուզեց հանդիպիլ այս երիտասարդներուն հետ, անոնց իր գորովն ու մօտիկութիւնը ցուցաբերելու համար։

Սրբազան Հարը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ է բնկարանի մուտքին. ան շրջապատուեցաւ մանուկներով եւ մեծ գորովով  ողջագուրեց բոլորը։ Իր հայրական խրատը տուաւ երիտասարդներուն եւ ունկնդրեց իւրաքանչիւրին պատմութիւնն ու հարցերը։

Սրբազան Հօր անակնկալ այցլելութիւնը վերջ գտաւ յետմիջօրէի ժամը 5,20-ին, երբ  ան վերադարձ կատարեց Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.