2016-11-12 11:23:00

Ֆրանչիկսոս Պապին Յոբելինական հրապարակային վերջին ընդհանուր ունկդրութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմածութեան Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս՝ շաբաթ 12 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  շնորհեց յոբելենական հրապարակային ընդհանուր ունկդրութիւն մը որ հանդիսացաւ Սուրբ Տարուայ յոբելենական վերջին ունկնդրութիւնը եւ  որուն ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

՝՝Այս Յոբելենական վերջին շաբաթ օրուայ առթիւ կ՛ուզեմ ներկայացնել ողորմութեան հայող կարեւոր մէկ երեւոյթ մը` Ներառումը։

Աստուած արդարեւ, իր սիրոյ ծրագրին մէջ, չուզեր բացառել եւ ոչ մէկը, այլ կ՛ուզէ ներառել ամէնքը։ Օրինակ, Սուրբ Մկրտութեան միջոցաւ, մեզ կը դարձնէ Քրիստոսի մէջ իր զաւակները, անդամ Անոր Մարմին որ է Եկեղեցին։ Ու մենք քրիստոնեաներս կանչուած ենք նոյն  չափանիշը օգտագործելու. Ողորմութիւնը այն վարուելակերպն է, այն ձեւն է, որով մենք կը փնտռենք մեր կեանքին մէջ ներառել միւսները, զգուշանալով մենք մեր մէջ ու մեր եսասիրական վստահութիւններու մէջ փակումէ։

Մատթէոսի Աւետարանի հատուածին մէջ զոր քիչ առաջ ունկնդրեցինք, Յիսուս կ՛ուղղէ տիեզերական իսկական հրաւէր մը.  ''Ինծի եկէք դուք ամէնքդ որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ ու ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի'' (Մատթ 11, 28)։ Ոչ ոք բացառուած է այս կոչէն որովհետեւ Յիսուսին առաքելութիւնն է` ամէն մէկ անհատին յայտնել Հօր Սէրը։ Մեզի կ՛իյնայ մեր սիրտը բանալ, վստահիլ Յիսուսին ու ընդունիլ սիրոյ այս պատգամը որ մեզի թոյլ կու տայ  մտնել փրկագործութեան խորհուրդին մէջ։

Ողորմութեան այս երեւոյթը` ներառումը, կը բացայայտուի մեր ձեռքերը լայն բանալով, ընկալելու համար անխտիր` առանց դասակարգումներ կատարելու ընկերային պայմաններու, լեզուային, ցեղային, մշակութային ու կամ կրօնական պատկանելիութեան։

Մեր դիմաց կայ միայն անձ մը որ պէտք է սիրենք այնպէս ինչպէս Աստուած զայն կը սիրէ։

Քանի քանի յոգնած ու բեռին ծանրութեան տակ հեծած անձերու կը հանդիպինք նաեւ այսօր։ Ճամբաներու վրայ, աշխատանքի վայրին մէջ, հիւանդանոցներու մէջ....Յիսուսի հայեացքը` մեր աչքերու միջոցաւ նաեւ, կ՛իյնայ այդ դիմագիծերու իւրաքանչիւրին վրայ, ւ  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հարց տալով Ու՞ր է մեր սիրտը, ի՞նչպէս է, Ողորմա՞ծ է։ Մեր մտածելակերպն ու վարուելակերպը ներառո՞ղ է։

Աւետարանը մեզ կը կոչէ մարդկութեան պատմութեան մէջ ճանչնալու ներառումի մեծագոյն գործի ծրագիրը, որ յարգելով ամէն մէկ անձի,  հասարակութեան ու ազգի ազատութիւնը, կոչ կ՛ուղղէ բոլորին` կազմելու եղբայրներու եւ քոյրերու մէկ ընտանիք մը, արդարութեան, զօրակցութեան ու խաղաղութեան մէջ,¬ ու մաս կազմելու Եկեղեցւոյ որ է Քրիստոսի Մարմինը։ 

 

Որքան շիտակ են Յիսուսին խօսքերը երբ Ան կը հրաւիրէ բոլոր անոնք որոնք յոգնած ու բեռնաւորուած են Իրեն երթալու, հանգիստ գտնելու համար։ Անոր ձեռքերը տարածուած խաչին վրայ ցոյց կու տան թէ ոչ մէկը բացառուած է Իր սէրէն ու Իր ողորմածութիւնէն - յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ամենէ ուղիղ արտայայտութիւնը որով մենք զմեզ ընկալուած կը զգանք Անորմէ` Յիսուսին ներումն է։

Ամէնքս կարիքը ունինք ներում ընդունելու Աստուծմէ։ Ու բոլորս կարիքը ունինք հանդիպելու եղբայրներու եւ քոյրերու որոնք մեզ կ՛օգնեն, երթալու համար Յիսուսին ու բացուելու այն պարգեւին որ մեզի ընծայեց Խաչին վրայ։

Արգելք չի հանդիսանանք մէկը միւսին։ Ոչ մէկը բացառենք։ Ընդհակառակը. Խոնարհութեամբ ու պարզութեամբ դառնանք Աստուծոյ Հօր ողորմութեան ներառող գործիքներ։

Մայր ու Սուրբ Եկեղեցին աշխարհի մէջ կը շարունակէ տարածել մեռած ու Յարութիւն առած Քրիստոսի ողջագուրումը։ Այս հրապարակը եւս, իր կամարներով, կ՛արտայայտէ այդ ողջագուրումը։

Թոյլ տանք որ հրապուրուինք ուրիշները ներառելու այդ շարժումէն որպէսզի դառնանք ողորմութեան վկաներ, որոնց միջոցաւ Աստուած ընկալեց ու կ՛ընկալէ մեզմէ ամէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.