2016-11-12 10:06:00

ՄԱԿ-ը փաստած է Ատրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ խտրականութեան դրսեւորումները:


ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու կոմիտէն մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ խտրականութեան դրսեւորումներու վերաբերեալ: Այս մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու կոմիտէի Ատրպէյճանի վերաբերեալ չորրորդ պարբերական զեկոյցի եզրափակիչ դիտարկման մէջ:

«Կոմիտէն մտահոգուած է Ատրպէյճանի մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ խտրականութեան դրսեւորման հաղորդումներու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ այդ անձերու կողմէ` սեփական հայկական ինքնութիւնը ճանչնալու դժկամութեամբ: Մեզի կ՛անհանգստացնեն հաղորդումները այն մասին, որ հայկական ազգանուն ունեցող օտարերկրացիներուն, անկախ անոնց քաղաքացիութենէն, չի թոյլատրուիր մուտք գործել Ատրպէյճան»,- ըսուած է կոմիտէի դիտարկման մէջ:

Կոմիտէն կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու եւ պայքարելու հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու դէմ: Պաշտօնական Պաքուին յորդորած են նաեւ կամայական եւ խտրական հիմքերով չարգելել հայկական ազգանուն ունեցող անձերու մուտքը Ատրպէյճան:

Եզրափակիչ դիտարկման մէջ կոմիտէն մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու, գործիչներու նկատմամբ յարձակումներու, խօսքի ազատութեան, խաղաղ հաւաքներու իրականացման սահմանափակումներու առնչութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.