2016-11-12 10:07:00

Համահայկական կոչ. “Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար”


Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գործընկերներ,

Սիրով կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ 2016թ.հոկտեմբերի 20-24-ը Երևանում և Ստեփանակերտում կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսած “Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար” համահայկական շարժումը:

Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

Այս նպատակով կոչ կ’ընենք 2017թ. սփիւռքեան համայնքներու կողմէն կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախին (փառատօներ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, արիւնատուչութեան ձեռնարկներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Կ’ուզենք, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար դառնայ Արցախի տարի…

Նախարարութիւնը բացած է ֆէյսպուքեան էջ, ուր պիտի հրապարակուին սփիւռքեան համայնքներու եւ սփիւռքահայ անհատներու կողմէն Արցախի համար իրականացուող բոլոր ձեռնարկները: Իրականացուող ձեռնարկները պիտի հրապարակուին նաեւ նախարարութեան “Հայերն այսօր” ել. լրատուամիջոցի համապատասխան բաժնի մէջ` www.hayernaysor.am:

Միացէ՛ք մեր ֆէյսպուքեան էջին` What Are You Doing for Karabakh? եւ հետեւեցէք շարժման գործընթացին` մաս կազմելով այս հիանալի համահայկական ձեռնարկին: Ձեռնարկները մեկնարկելու եւ հայկական աշխարհի մէջ հանրայնացնելու նպատակով իւրաքանչիւրէն կը խնդրենք նկարուել` պարզելով «դուն՛ ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար” ցուցապաստառը (կցուած է) եւ ուղարկել մեզի` ֆեյսբուքեան էջին եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակելու եւ տարածելու համար:

Մենք կը հաւատանք, որ հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներուժով կրնաք զօրաւիգ ըլլալ Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

 

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.