2016-11-12 10:55:00

Երկու անյայտ մնացած հայ զինուորական ծառայողներ նահատակուած են:


Ամիսներ առաջ Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող ալ Հըքմէ դպրոցին մօտ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումներուն ընթացքին սուրիական բանակին ծառայող երկու հայ զինուորներու՝ Յարութ Գահգէճեանի եւ Ժանo Սեմէրճեանի ճակատագիրը անյայտ մնացած էր: Օրերս, երբ սուրիական բանակը ազատագրեց տուեալ շրջանը զինեալ անաբեկիչներէ եւ մուտք գործեց ալ Հըքմէ դպրոց, ի յայտ եկաւ, որ երկու հայորդիները նահատակուած են, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Շտապ օգնութիւնը ստանձնեց անոնց դիակները:

Նահատակ Ժանo Սեմէրճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, ժամը 12:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ նահատակ Յարութ Գահգէճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը Լատինաց եկեղեցւոյ մէջ:

Օրերս, երբ սուրիական բանակը ազատագրեց տուեալ շրջանը զինեալ անաբեկիչներէ եւ մուտք գործեց ալ Հըքմէ դպրոց, ի յայտ եկաւ, որ երկու հայորդիները նահատակուած են, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Շտապ օգնութիւնը ստանձնեց անոնց դիակները:

Նահատակ Ժանo Սեմէրճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, ժամը 12:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ նահատակ Յարութ Գահգէճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը Լատինաց եկեղեցւոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.