2016-11-11 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արամ Ա-ին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 11 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա Վեհափառը որ երրօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Հռոմ իր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ ''Դամասկոսը Յոյսի Պրիսմակ'' միջազգային համագումարին, զոր տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտի մէջ 11-13 Նոյեմբեր 2016-ին, Քահանայապետական հաստատութեան հիմնադրութեան (1917 -2017) հարիւրամեակի տօնախմբութիւններուն ծիրէն ներս։

Հանդիպումին ընթացինք Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Պապին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, հրապարակային երկու ելոյթներու ընթացքին՝ Վատիկանի ու Երեւանի մէջ, յիշած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս 21-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին քաջութիւնը պէտք է ունենայ ճշմարտութեան պաշտապանն ու ջատագովը դառնալու։ Ֆրանչիսկոս Պապը վերստին շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս յիշեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ

համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ըսաւ թէ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. Սակայն եկեղեցին, կենդանի թէ արեան նահատակութեամբ, մնացած է կանգուն՝ հաւատարիմ իր աստուածատուր առաքելութեան. այսօր եւս, եկեղեցին Միջին Արեւելքէն ներս կը մնայ յանձնառու իր կոչումին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Վատիկանի մօտեցումը, որ մէկ կողմէ հիմնուած է քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ միւս կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան ու գործակցութեան վրայ։ Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ յիշելով շուրջ շաբաթ մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարը, աւելցնելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման եւ անոնց վկայութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնը ու այդ ուղղութեամբ Վատիկանի զօրակցութիւնը։

Խօսելով եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան մասին, Ֆրանսիս Պապը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը, թէ յիշեալ հանդիպումներու օրակարգին մաս պէտք է կազմեն նաեւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական խնդիրները։

Եկեղեցիներու միջեւ միութեան ամրապնդման հրամայականին անդրադառնալով, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետին Զատկուան տօնին միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէս շօշափելի արտայայտութիւն քրիստոնէական միութեան եւ այս ուղղութեամբ անցեալին իր կատարած աշխատանքը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին։ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին գաղափար, յայտնեց թէ՝ վերջին տասնամեակներու ընթացքին Կաթողիկէ  եկեղեցին բազմիցս շեշտած է նոյն գաղափարը եւ այսօր եւս համաձայն է Զատկուան տօնի միացեալ թուականի մը ճշդումին։ Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը ունեցաւ իր նորընտիր նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան ու սերտ գործակցութեան հրամայականը։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց վերջերս հրատարակուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաթալոկը՝ “The Armenian Catholicosate of Cilicia – History, Treasures, Mission”։ Ֆրանսիս Պապը իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։__

Նշենք թէ Հռոմ կեցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեփթրօ Փարոլինին, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի ու Քրիստոնեաներու Միութեան զարգացման Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Քիւրտ Քոխին հետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.