2016-11-11 10:16:00

Հայաստանը կրնայ համարուիլ եւրոպայի լաւ պահպանուած գաղտնարանը. The Telegraph


Բրիտանական հեղինակաւոր The Telegraph պարբերականի ճանապարհորդութիւն բաժինը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձած է Հայաստանի գրաւչութիւններուն:

«Օրուան կէսին լեռնային փոքրիկ գիւղի մէջ կը զգացուի տասնեակ մանղալներէ եկող խորովածի բոյրը: Տղամարդիկ կը շրջին հաւի եւ գառան միսի շամփուրները ծուխի վրայ, մինչդեռ անոնց որդիները` ազգային տարազներով, կը փորձեն բորբոքել կրակը»,- ըստ Tert.am-ի` յօդուածի հեղինակ Ֆրենք Կարտներ այս խօսքերով նկարագրած է իր առաջին տպաւորութիւնը Հայաստան կատարած այցէն ետք :

Նկարագրելով գետերու կարկաչիւնն ու արեւաշող բնութեան գիրկը զբօսնող երիտասարդ զոյգերը, ինչպէս նաեւ գիւղական համայնքներուն մէջ բացուած լիառատ շուկաները` հեղինակը անդրադարձած է Արենի մէջ Հոկտեմբերին իրականացուող գինիի փառատօնին:

«Գիտէք, որ Երեւանի մէջ վայրէջք կատարելուն պէս կը ժամանէք գինիի երկիր, ատոր մասին կը յուշէ օդակայանի բակին մէջ գտնուող 6 մեթրանոց փչովի գինիի շիշը: Հայաստանի մէջ նաեւ կ’արտադրեն աշխարհի մէջ լաւագոյնը համարուող քոնեակը», – կը գրէ բրիտանացին:

Բրիտանացին կ’ընդգծէ, որ մեծ Սփիւռքի մաս կազմող հայերը, որոնք առաջին անգամ կ’այցելեն իրենց հայրենիքը, հաճելիօրէն կը զարմանան ժամանակակից, անվտանգ եւ քաղաքակիրթ Երեւանով:

«Դուրս գալով մայրաքաղաքէն` կը նայիս հեռու հորիզոններուն եւ կը նկատես ձիւնապատ գագաթով փառահեղ Արարատ լեռը` 5165 մեթր բարձրութեամբ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ` հէնց սահմանին: «Այն մերը  եղած է». ափսոսանքով կ’ըսեն հայերը», – կը նշէ հեղինակը:

Բրիտանացի լրագրողը այցելած է նաեւ Գեղարդավանք: «Խճաքարերով լի վերընթաց ճանապարհը բարձրանալով եւ անցնելով կամարակապ մուտքով` կը յայտնուիս Համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող վանական համալիրին մէջ, որ անուանուած է Քրիստոսին խոցած նիզակին անունով», – կ’եզրափակէ յօդուածագիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.