2016-11-11 10:41:00

Աթէնքի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դէմ յարձակում:


Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Տիմիթրիս Տզանաքոփուլոս դատապարտած է անցեալ գիշեր Աթէնքի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը եւ զայն նկատած ահաբեկչական գործողութիւն մը:

«Յունաստանի կառավարութիւնը կը դատապարտէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ոստիկանութեան աշխատակիցին, որ վիրաւորուած է յարձակումին պատճառով», ըսած է ան` աւելցնելով. «Յունաստանի ոստիկանութիւնը պիտի կատարէ մեղաւորները բացայայտելու իր գործը եւ կ՛երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը: Այսպիսի ահաբեկչական գործողութիւնները պիտի չկարենան ազդել Յունաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն մէջ տիրող բարեկամութեան եւ համերաշխութեան վրայ»:

Անյայտ անձերու կողմէ նետուած ձեռնառումբ մը պայթած է Աթէնքի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան տարածքին մէջ, այդ պատճառով ալ թեթեւօրէն վիրաւորուած է դեսպանատան հսկող ոստիկան մը:

Երկու անծանօթ անձեր մոթորսիքլեթով անցած են դեսպանատան շէնքին մօտէն, ձեռնառումբը նետած ու փախուստի դիմած: Միջադէպի վայր հասած են իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներն ու սակրաւորներ, որոնք շրջապատած են թաղամասը:

Ֆրանսայի դեսպանատունը կը գտնուի Աթէնքի կեդրոնը` Վասլիսաս Սոֆիաս պողոտային մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.