2016-11-10 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Միութիւնը մարդկային ճիգերու արդիւնք չէ, այլ երկնատուր պարգեւ է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 10 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդուեց. Ռումանիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան` Տիար Լիվիու – Փեթրու Զապիրթանը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ապա ընդունեց Կարդինալ Ռայմոնտ Լէօ Պուրքը` Մալթայի Ասպետական ինքնիշխան կարգի հոգաբարձուն, որմէ ետք ընդունեց Ուկրանիոյ Աւագ Եպիսկոպոս` Գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքը հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Քանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական վարչութեան անդամներուն, յանձնիս համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Տսվիտ Տակլաս Քրոսպիի, փոխ նախագահ` Գերապայծառ Լիոնել Կէնտրոնի եւ ընդհանուր քարտուղար` գերապատիւ Հայր Ֆրանք Լէոյի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ժամը 11.45-ին առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի համագումարի 70 մասնակիցները, որոնց շարքին էին կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ կրօնաւորուհիներ ու այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նկատեց, թէ իւրաքանչիւր համամիութենական հանդիպում իրեն համար եղած է մխիթարութեան աղբիւր եւ ըսաւ “Իբր Հռոմի Եպիսկոպոս եւ Պետրոսի Յաջորդ, գիտակից՝ Տիրոջմէ ինծի յանձնուած պատասխանատուութեան, կը փափաքիմ շեշտել, թէ քրիստոնեաներու միութիւնը իմ առաջնահերթ մտահոգութիւններէս մին է, եւ կը խնդրեմ, որ այդ միշտ աւելի բաժնեկցուի իւրաքանչիւր մկրտուած անհատի կողմէ։”

Սրբազան Հայրը, քրիստոնեաներու միութիւնը նկատեց մեր հաւատքի էական կարիքներէն եւ ըսաւ՝ “Կ’ուզենք ապրիլ միութիւնը, որովհետեւ կ’ուզենք հետեւիլ Քրիստոսի, ապրիլ Անոր սէրը, վայելել Անոր եւ Հօր միութեան խորհուրդը, որ աստուածային սիրոյ էութիւնն է։”

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ երեք կէտերու մէջ հաղորդեց իր պատգամը, հաստատելով, թէ միութիւնը մարդկային ճիգերու արդիւնք չէ, միութիւնը միաձեւութիւն չէ, միութիւնը խօսակիցի կլանումը չէ։

Միութիւնը մեր մարդկային ճիգերու եւ կամ եկեղեցական դիւանագիտութեան արդիւնք չէ, այլ երկնատուր պարգեւ մը։ Արդ ի՞նչն է մեր դերը, հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ. ի՞նչ պէտք է ընենք խթանելու քրիստոնեաներու միութիւնը։ Մեր պարտականութիւնն է, ընկալել այս պարգեւը, եւ տեսանելի դարձնել բոլորին։ Այս տեսանկիւնէն, միութիւնը, նախ քան նպատակ ըլլալը՝ ճանապարհ մըն է. չի ջնջեր հակամարտութիւնները, եւ չի վերացներ հակասութիւնները. այլ ընդհակառակը, երբեմն վտանգ կը սպառնայ նոր անհասկացողութիւններ յարուցանելու։ Իսկ այն կապը, որ կը միացնէ բոլոր քրիստոնեաներս՝ մեր մեղաւոր ըլլալու իրականութիւնն է, որ առարկան է Աստուծոյ անսահման ողորմածութեան, որ Յիսուս Քրիստոս մեզի յայտնեց։

Միութիւնը միաձեւութիւն չէ։ Աստուածաբանական, ծիսական, հոգեւոր եւ կանոնական աւանդութիւնները, որոնք քրիստոնեայ աշխարհի մէջ զարգացած են, եւ հարազատօրէն արմատացած առաքելական աւանդութեան մէջ՝ քրիստոնեաներու միութեան համար հարստացում են եւ ո´չ սպառնալիք։ Այսպիսի բազմազանութիւնը ջնջել, կը նշանակէ Սուրբ Հոգւոյն հակառակ ընթանալ։ Պատմութեան ընթացքին կատարուած են այդպիսի փորձեր, որոնց հետեւանքները այսօր ալ տառապանքի աղբիւր են։ Համամիութենականութեան պարտականութիւնն է, յարգել օրինական բազմազանութիւնը եւ գերազանցել անհաշտ տարաձայնութիւնները՝ այն միութեամբ, որ Աստուած կը պահանջէ։

Միութիւնը կլանում չէ։ Քրիստոնեաներու միութիւն, չի նշանակեր, թէ մէկը կամ միւսը պէտք է ուրանայ հաւատքի սեփական պատմութիւնը։ Համամիութենականութիւնը չի հանդուրժեր մարդորսութիւնը, որ թոյն մըն է միութեան ճանապարհին վրայ։ Նախ պէտք է նկատի առնենք այն, ինչ որ մեզ կը միացնէ, եւ ոչ այն՝ ինչ մեզ կը բաժանէ։

Միութենականութիւնը իսկական է, երբ ատակ է ուշադրութիւնը հեռացնել ինքն իրմէ, իր պատճառաբանութիւններէն եւ բանաձեւումներէն, եւ ուղղել դէպի Աստուծոյ խօսքը, որ պէտք է լսենք, ընկալենք եւ վկայենք աշխարհի մէջ։ Ասոր համար, քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւնները կոչուած են ոչ թէ “մրցակցելու” այլ համագործակցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.