2016-11-10 11:31:00

Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի առաջնորդը կը ստեղծէ Թեմին Աշխարհականներու խորհուրդ։


Յունաստանի Թեմի  Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ` Գերյ. Յովսէփ Թ Ծ Վ Պէզեզեան որոշած է Թեմէն ներս հիմնել Աշխարհականներու խորհուրդ մը ու այս առընչութեամբ հրապարակած է վերոյիշեալ խորհուրդի վերաբերող Վատիկանեան Բ Ժողովի Եկեղեցիէն ներս աշխարհականներու դերակատարութեան մասին հրապարակած փաստաթուղթերէն որոշ տուեալներ։

Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովը իր զանազան նիստերուն ընթացքին, քննարկելով աշխարհականներու դերակատարութիւնը եկեղեցւոյ մէջ, սահամնեց անոնց դերը, անոնց դիրքը ու անոնց գործունէութիւնը ի նպաստ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ այդ ուղղութեամբ ալ ''Աշխարհականներու Առաքելութիւնը'' տիտղոսով վճռագիր մը հրապարակեց ։
Աշխարհականը այն հաւատացեալն է որ քահանայ կամ կրօնաւոր չէ, այլ ընտանիքի տէր կամ ալ ամուրի վիճակի մէջ է։

Աշխարականներու դերը։
Եկեղեցին հաստատուած է Աստուծոյ ժողովուրդէն։ Այդ ժողովուրդը աշխարհականներէ բաղկացած անհատներ թէ ընտանիքներ են։ Ասոնք իրենց մկրտութեամբ անդամ եղած են Քրիստոսի Եկեղեցւոյն, որով մաս կը կազմեն եկեղեցւոյ, ինչպէս մեր մարմինին իւրաքանչիւր անդամը մաս կը կազմէ մարմնոյ ընդհանուր կազմութեան եւ առանց անդամի, կազմուած մարմին չկայ։ Այսպէս ալ Քրիստոսի եկեղեցին` չապրիր առանց աշխարհական դասի, ուստի աշխարհականները իրենց յատուկ տեղը ունին Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ։
Աշխարհականները յատուկ տեղ ունենալով կանչուած են ծառայել եկեղեցւոյ մէջ։ Որով տեսակ մը գործակցութիւն պէտք է գոյութիւն ունենայ եկեղեցական դասին եւ աշխարհական դասին միջեւ, յարգելով մէկուն միւսին դիրքն ու դերը։
Այս դերը ուրիշ բան չկրնար ըլլալ եթէ ոչ եկեղեցական իշխանութեան հետ միասնական գործունէութիւն մը` ի նպաստ Եկեղեցւոյ։

Հասկնալի է որ բոլոր աշխարհականները, իրենց յատուկ պատասխանատու դերը ունին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տարածելու առաքելութեան մէջ, եւ ունին նաեւ իրաւունքներ, այսու հանդերձ անոնք կ՛ունենան իրենց ներկայացուցիչները եկեղեցւոյ գործերուն մէջ եւ ասկէ ծնունդ կ՛առնէ կազմակերպութիւն մը, մարմին մը, որ Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովը կ՛անուանէ «Աշխարհականներու Խորհուրդը», ինչպէս նաեւ կարելի է կոչել «Հովուական Խորհուրդ»։


Ի՞նչ է այս խորհուրդը։
Այս «խորհուրդը» կազմակերպուած մարմին մըն է եկեղեցականներով ու աշխարհականներով, գլուխ ունենալով Թեմական Առաջնորդը, եւ որուն նպատակը պէտք է ըլլայ զանազան մարզերու մէջ օգտակար դառնալ եկեղեցւոյ առաքելութեան։


Զանազան մարզերը հետեւեալներն են.
1- Վարչական եւ մատակարարական։ Առաջնորդին հսկողութեան տակ, կրնայ կազմուիլ մատակարարական մարմին մը, որուն անդամները կրնան ըլլալ եկեղեցական եւ աշխարհական։

2- Հովուական եւ առաքելական։ Աշխարհականները՛ կրնան ուսումնասիրութիւններ ընել ծէսի մասին, եկեղեցական երգչախումբ կազմակերպել, դպրոցներուն մէջ կրօնագիտութիւն սորվեցնել, մամլոյ մէջ պաշտպանել կրօնական ճշմարտութիւնները ու կամ բարոյական գիրքեր հրատարակել, որբանոցներ կամ աղքատախնամ մարմիններու վարչութեան մէջ աշխատիլ, ընկերային ձեռնարկներ կազմակերպել ի նպաստ եկեղեցւոյ եւ այլն։

Յովսէփ Թ Ծ Վ Պէզեզեան
Առաջնորդ Կաթողիկէ Հայոց
Յունաստանի Թեմի








All the contents on this site are copyrighted ©.