2016-11-10 10:16:00

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին կը տօնախմբէ օծման 53րդ տարեդարձը:


Էնսինոյի հայ համայնքը այս տարի կը տօնէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 53րդ տարեդարձը։ 1963ին էր, երբ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ հիմնադիրներու ջանասիրութեամբ այս համայնքը օժտուեցաւ շքեղ եկեղեցիով մը:

Այս առթիւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016ին, Ս. պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Ուրբաթ երեկոյեան, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ 53ամեակի յանձնախումբին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը։

Ս. պատարագին ընթացքին, Ս. սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Աւ. քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին թեմիս Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու եւ շրջանի քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանն ու 9րդ դասարանի աշակերտները, կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհի Սեդա Քէչէճեանն ու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ այս տօնակատարութեան կայացման համար, ապա ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը իմաստաւորող եւ կենսաւորող ծխական համայնքին, պատուարժան հիւրերուն, Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի ու կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։ Ան նշեց, որ ամեակներն ու տարեդարձները առաջին հերթին առիթներ են յետադարձ ակնարկ մը կատարելու եւ յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցելու այն երախտաւորներուն, որոնք ապագայատեսիլ հաւատքով հիմնադրած են այս եկեղեցին. իսկ երկրորդ, առիթ է նոր աւիւնով ու կենսունակութեամբ ընթանալու այն ճանապարհէն, զոր հարթած են մեր նախնիները։

Այնուհետեւ, վեր առնելով օրուան աւետարանական հատուածը՝ «Ուրեմն ուշադիր եղէք, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի՝ նոյնիսկ ա՛յն, ինչ կը կարծէ թէ ունի» )Ղուկաս 8։17-21(, առաջնորդ Մարտիրոսեան նշեց, որ Աստուծոյ խօսքը լոյս է, եւ ան, որ կը լսէ այդ խօսքը, պէտք է զայն կեանքի վերածէ եւ անով լուսաւորուի՝ հաւատքով առաջնորդուելով դէպի արդարութեան ճանապարհ, նման այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը կը շինէ վէմի վրայ. իսկ ան, որ կ՛արհամարհէ Աստուծոյ լոյսը, կը նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը կը շինէ աւազի վրայ։ Ան շեշտեց, թէ մեր նախնիները դժ-ուարին հանգամանքներու մէջ հաւատքի ամուր վէմին վրայ շինեցին այս եկեղեցին եւ տոկուն հաստատութեան մը երաշխիքը տուին մեզի. մենք ալ, մեր կարգին, պարտ ենք հետեւիլ անոնց եւ մեր հաւատքը դրսեւորել գործով ու ծառայութեամբ։ Անդրադառնալով աւետարանական հատուածի երկրորդ բաժինին՝ «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն», առաջնորդ Մարտիրոսեան ըսաւ. «Մենք բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք եւ եթէ կ՛ընդունինք Լոյսի զաւակ ըլլալ, ապա ուրեմն պէտք է լսենք Անոր խօսքերն ու պատուիրանները. այն ատեն քոյրեր եւ եղբայրներ կը դառնանք՝ վերածնելով եկեղեցւոյ արգանդէն»։ Ան յորդորեց Աստուծոյ իմաստութիւնը, հաւատքը, յոյսը, սէրն ու արդարամտութիւնը դարձնել եկեղեցւոյ եւ համայնքի ծառայութեան մղիչ ուժը։

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, որ եկեղեցւոյ 53ամեակին առիթով ծխական համայնքը պատուած է եպիսկոպոսական Ս. պատարագով, իբրեւ արտայայտութիւն՝ համայնքին ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հանդէպ իր տածած սիրոյն եւ հայրական հոգածութեան։

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ բարերարներու, հիմնադիրներու եւ ծառայասէր ու հաւատաւոր հայորդիներու հոգիներուն համար։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.