2016-11-10 09:44:00

«Հայաստան» հիմնադրամը 26 բնակարան նուիրաբերած Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն:


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը զուգահեռ իր ենթակառուցուածքային ծրագիրներուն՝ կ՛իրականացնէ նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ: Այդպիսին է «Բնակարաններ` Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն» նախաձեռնութիւնը, որու արդիւնքով 26 ընտանիք քաղաքի Մուշ եւ Անի թաղամասերուն մէջ այսօր ունի բարենորոգ, կահաւորուած, ջեռուցուող, կենցաղային սարքաւորումներով յագեցած բնակարան: Այս մասին կը հաղորդեն Հիմնադրամէն։

Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնի եւ ARTN Shant հեռուստաընկերութեան ջանքերով, իսկ բնակարանները ձեռք բերուած են 2014-15 թուականներու Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած հեռուստամարաթոններու հասոյթներով: ARTN Shant եւ Շանթ հեռուստաընկերութիւններու հանգանակած գումարին իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններով միացած են անհատ բարերարներ Անդրանիկ Բաղդասարեանը, Վահէ Կարապետեանը, Յարօ եւ Դիանա Ջորդանները, Հայկ Քելեջեանը, Զաքար Ջաղացպանեանը, Յարութ Մեսրոպեանը, Վարուժ եւ Սուետլանայ Մինասեանները, Սամուէլ Բալասանեանը: Արդիւնքով, 22 ընտանիքներ այսօր ապահովուած են բնակարաններով: Շահառուներն են ` Կարէն Խաչատրեանի, Յովհաննէս Բադոյեանի, Արսէն Խաչատրեանի, Դաւիթ Յովսէփեանի, Շողիկ Շաբոյեանի, Երանուհի Սաֆարեանի, Շողիկ Անտոնեանի, Գոհարիկ Գոմկցեանի, Նատալիա Ստրուկի, Աննա Մելքոնեանի, Արուսեակ Բարսեղեանի, Ռոզա Էրզրումեանի, Թերեզա Բեդիշովայի, Անահիտ Մարտիրոսեանի, Ռիմա Պետրոսեանի, Աիդա Ստեփանեանի, Լիանա Մուրադեանի, Ստելլա Մկրտչեանի, Ժենեայ Գրիգորեանի, Ֆենիա Սահակեանի, Ռուզաննա Եղոյեանի, Նելլի Չախչեանի ընտանիքները: Եւս մէկ անօթեւան ընտանիք օրերս բնակարան կ’ունենայ: Յաջորդ հեռուստամարաթոնը կը նախատեսուի կազմակերպել 2017-ին:

Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինն ալ համաեւրոպական հեռախոսամարաթոնի ծիրէն ներս երրորդ տարին ըլլալով իր հանգանակությունները կ՛ուղղէ այս ձեռնարկին: Գերմանահայ համայնքի նվիրաբերած գումարներով առ այսօր Գյումրիի մէջ ձեռք բերուած է 4 բնակարան, որու շահառուներն են՝ Արթուր Գալստյանի, Անահիտ Սուքիասյանի, Ռուզաննա Եղոյանի եւ Աննա Սարգսյանի ընտանիքները:

«Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի խօսքով՝ այս ձեռնարկին մէջ նախապատուութիւնը կը տրուի բազմազավակ, երիտասարդ եւ անապահով ընտանիքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.