2016-11-09 10:51:00

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր կը նկատէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ յառաջընթացը:


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ 8 նոյեմբերին շարունակուած են տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեան  մարզի զարգացման վերաբերեալ քննարկումները:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են կարգ մը ծրագիրներ եւ գաղափարներ` մասնաւորաբար պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան հիման վրայ տուեալներու մշակման կեդրոնի ստեղծում, ելեկտրոնային հարթակներու  վրայ գործունէութեան դաշտի ընդլայնում, մարզերուն մէջ արհեստագիտական կեդրոններու զարգացում (Գիւմրիի եւ Վանաձորի օրինակով) եւ այլն:

Վարչապետը լսած է ներկայացուած առաջարկները եւ յանձնարարած Հայաստանի փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարին` կարճ ժամանակուան ընթացքին քննարկել զանոնք` շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ, մշակել նախաձեռնութիւններու ծրագիր: Միեւնոյն ժամանակ կառավարութեան ղեկավարը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի որակական փոփոխութիւններուն վերաբերող ծրագիրներ շուտով տեսանելի արդիւնք պիտի տան եւ պիտի նպաստեն այս մարզի աշխուժացման:

«Ինչո՞ւ ես յոյս կը կապեմ ձեր մարզին հետ, որպէսզի մենք թռիչք կատարենք, որակ փոխենք: Նախ եւ առաջ, հաշուի առնելով զուտ խարսխային կարելիութիւնները, երկրորդ` ժամանակակից եւ գիտակից անձնակազմերը, երրորդը, չորրորդը նոյնպէս այդ պնդումներուն շուրջ են: Եթէ դուք կը սպասէք, որ մենք` պետական պաշտօնեաներս, այս մարզին մէջ յեղափոխութիւն կատարենք, մենք յեղափոխութիւն կատարող չենք: Բայց որպէսզի կարենանք աշխատող մարդուն, շահոյթի ձգտող մարդուն ոգեւորել, մեր բոլոր նպաստները պէտք է ուղղենք յաջողակին: Ես ձեզմէ ծրագիրներ կ՛ուզեմ` ինչպէ՛ս ընենք, որ այս մարզին վիճակը փոխենք», նշած է Կարէն Կարապետեանը:

Ան անդրադարձած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի առաջնահերթ խնդիրներուն եւ յատկապէս լուսարձակի տակ առած մասնագէտներու պահանջի հարցի լուծումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.