2016-11-09 11:37:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կա՞յ մարդ որ չի՛ յոգնիր: Առաջին իսկ հայեացքով, այս հարցումը անհեթեթ կը թուի: Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ապրած միջավայրին մէջ վստահաբար հանդիպա՛ծ է մարդոց, որոնց համար կարելի է ըսել, թէ՝ «յոգնիլ չի՛ գիտեր»: Անշուշտ սա պարզապէս տրուած բացատրութիւն մըն է տուեալ անձի անխոնջ աշխատանքին ու թափած անհատնում ճիգին մասին: Բայց իրականութիւնը վստահաբար տարբեր է գնահատական բնոյթ ունեցող սոյն բացատրութենէն:
Մարդ էակի ուժն ու կարողութիւնը, առաւել կամ նուազ չափով յստակ են ու սահմանուած իրեն համար: Անոր ուսերուն դրուելիք ծանրութիւնն ու անոր կրելիք բեռը չե՛ն կրնար անդրանցնիլ իրեն համար որոշուած սահմանները: Բնականաբար տարբերութիւններ պիտի ըլլան անոնց միջեւ, որովհետեւ ոմանք աւելի տոկուն մարմին ունենալով՝ շա՛տ աւելի կը դիմանան, իսկ ուրիշներ նրբակազմ ըլլալնուն՝ շուտո՛վ կը կքին:
Վերոյիշեալ գաղափարն ալ կարելի չէ՛ ընդհանրացնել: Որովհետեւ որոշ երեւոյթներ ճի՛շդ հակառակը կը փաստեն: Մեր բերանին զարդը կը կազմեն, օրինակ, մեր ակռաները: Փաստի պէտք չունինք հաստատելու, թէ ակռաները ամուր մարմիններ են, ոսկորատիպ, որոնք երբեմն կարծր պատառներ ալ խածնելու եւ ծամելու հնարաւորութիւն կու տան մեզի: Ակռաները բերդի պարիսպներու նման կը շրջապատեն մարդու արտայայտչական ամէնէն կարեւոր գործիքը՝ լեզուն, որ ինչպէս ծանօթ է փափուկ եւ զգայուն մկան մըն է մարդու բերանին մէջ: Սակայն, բոլորիս ալ ծանօթ է այն պարագան, որ ակռաները շատ աւելի դիւրաւ կը մաշին ու կը փճանան, յաճախակի վերանորոգութեան կարիք կ՛ունենան եւ ցաւալից պահեր կը պատճառեն, ենթակային կողմէ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած անփութութեան պարագային: Մինչ լեզուն, նոյնիսկ եթէ ծերութեան բերումով կամ մտային տկարութեան կամ յիշողութեան խնդիրներու հետեւանքով կորսնցնէ իր կարեւորագոյն յատկութիւնը՝ խօսելու կարողութիւնը եւ պապանձումի դատապարտուի, դարձեալ իբրեւ մկան կը մնայ առողջ եւ կը գոյատեւէ մինչեւ վախճան:
Լեզուի եւ ակռաներու այս օրինակը պարզապէս ուրիշ պատկեր մըն է տկար եւ զօրաւոր նկատուած մարդոց համար օգտագործուող՝ ըսելու, թէ երբեմն տկար նկատուածները շատ աւելի ուժեղ ու զօրաւոր կ՛ըլլան անհատականութեամբ եւ նկարագրով, քան՝ արտաքնապէս հզօր ու անխորտակելի համարուողները: Ուրեմն, երբեմն վտիտ ուսերով ու վատոյժ մարմինով մարդիկ շատ աւելի՛ ծանրութիւն կը կրեն եւ աւելի երկար կը դիմանան, քան՝ հուժկու ու թիկնեղ անձեր:
Վերոյիշեալ մտածումները մեզ կը հասցնեն այն եզրակացութեան, թէ չյոգնիլը նաեւ տրամադրուածութեան ու կամքի հետ առնչուող երեւոյթ է: Օրինակ, մօր պարագային չյոգնիլը, իր զաւակներուն նկատմամբ սիրոյ, նուիրումի ու գիտակից զոհողութեան հետ առնչուած է անկասկած: Այլապէս, գիտութեամբ տրուող բացատրութիւնը տարբեր պիտի ըլլար: Նոյնն է նաեւ իր ընտանիքի ապրուստին համար առօրեայ դրութեամբ վազվզող մարդուն վիճակը, որ երկար մղոններ կը կտրէ աշխատանքի վայրը հասնելու եւ անկէ վերադառնալու համար, որպէսզի պահէ միշտ իր ապրուստի ճամբան։

Առնենք այլ օրինակ մը եւս. ՝՝հեծանիւով երկար մրցավազք ունեցողներու պարագան՝՝. տեսնուած է, թէ մարզիկներէն ոմանք, առաջին իսկ վայրկեանէն իրենց ամբողջ ուժը հաւաքած՝ կը փորձեն միւսներուն անցնիլ, սակայն մէկ ժամ չանցած, պարտադրուած կը դանդաղեցնեն իրենց ընթացքը, ուժասպառ ու շնչասպառ ետ մնալով քիչ առաջ իրենց անցած մրցակիցներէն: Սակայն, շա՜տ ետ մնացած մարզիկը, որ ամբողջ մրցումին ընթացքին հանդա՜րտ կը վարէր իր հեծանիւը, երբ մրցադաշտի վերջին հանգրուանին կը հասնի, յանկարծ իր ամբողջ ուժը հաւաքելով, յոգնած մրցակիցներուն մէջէն կ՛անցնի ու կը խլէ առաջնութիւնը…
Ան  կրցաւ հասնիլ  մինչեւ վախճանակէտ, որովհետեւ հետեւեցաւ խաղի իսկական կանոններուն, ինչպէս իր մարզիչը դաստիարակած էր զինք՝ շնչառութիւնն ու մկանային շարժումները համահաւասար սպառումի ենթարկելով մինչեւ վերջակէտը մրցումին:
Կեանքն ալ ունի «ուղիղ քալելու» իր անշե՛ղ կանոնները: Ով որ ուղիղ քալէ՝ չի՛ յոգնիր ո՛չ աշխատելէն, ո՛չ ալ ապրելէն:

Կեանքի մէջ քալելն ալ ուրեմն, իր օրէնքը ունի. այն է՝ ուղի՛ղ քալել: Սա կարելի է նոյնիսկ բառացի ընկալել, որովհետեւ նոյնիսկ քարքարուտ կամ անհարթ ճանապարհէն քալողը երբ ուղիղ եւ ուշադիր քալէ, գետին չի՛ տապալիր, այլ՝ կը հասնի իր փափաքած հասցէին:
Ո՛չ ոք կ՛ուզէ յոգնիլ: Իսկ եթէ դուն ալ չե՛ս ուզեր յոգնիլ կեանքէն, ուրեմն ուղի՛ղ քալէ, նոյնիսկ եթէ երկրորդական ու նեղ արահետներէ անցնիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.