2016-11-08 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ազատութեամբ ծառայել Տիրոջ, իշխանութեան եւ անիրաւութեան փափաքը մերժելով''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Տիրոջ լաւ ծառայելու համար հարկ է զգոյշ ըլլալ անիրաւութենէ եւ իշխանութիւնը փնտռելէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ , երեքշաբթի, 8 նոյեմբերին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ու մատնանշեց ՝ թէ կարելի չէ միեւնոյն ժամանակ ծառայել Աստուծոյ եւ աշխարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հարց տալով, թէ որոնք ենք այն բաները զոր արգելք կը հանդիսանան Տիրոջ ծառայելու համար, սրտի ցաւով յայտնեց ,թէ  շատ բաներ կան, ասոնց շարքին իշխանատիրութեան իղձը։

Ապա յիշելով Յիսուսի խօսքերը ՝՝ան որ կ՝ուզէ ձեր մէջ մեծ ըլլալ թոյ ձեր ծառան դառնայ'', Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, որ Յիսուս յեղաշրջեց աշխարհի արժէքները,  ու հաստատեց թէ  այս իշխանութեան փափաքը ՝ Աստուծոյ ծառայելու ուղին չէ, ընդհակառակը ՝ խոչընդոտ մըն է  ։

Սրբազան Հայը ապա խօսեցաւ անիրաւ  ըլլալու խոչընդոտին մասին, որ արգելք կը դառնայ Աստուծոյ ծառայելու, դիտել տալով՝ թէ    սոյն  խոչընդոտին ստէպ կը հանդիպինք նաեւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ՝՝Տէրը՝ մեզի ըսաւ,  որ ոչ մէկը կրնայ երկու Տէրերու  ծառայել։ Կամ Աստուծոյ  կամ դրամին։ Այս մէկը անիրաւութեան  խոչընդոտն է'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց թէ կան  երկու խոչընդոտներ, անիրաւութիւնն ու  իշխանութեան ձգտումը, որոնք մեզմէ կը խլեն խաղաղութիւնը եւ մեզ կը մղեն անձկութեան ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց­,  թէ Աստուծոյ ծառայելը ազատ է ։ Անոր կը  կը ծառայենք­, որպէս զաւակներ եւ ոչ որպէս ստրուկներ, աւեցնելով թէ երբ՝  Աստուծոյ ազատութեամբ  ծառայենք կը զգանք ներքին խաղաղութիւն եւ կ՛ունկնդրենք  Տիրոջ խօսքը. ՝՝Եկ իմ մօտս հաւատարիմ եւ բարի ծառայ՝՝։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց ներկաները  Տիրպջմէ հայցելու խոչընդոտները վերացնելու շնորհքը, որպէսզի Տէրը  ըլլայ մեզի խախաղութիւն ընծայողը, սրտի խաղաղութիւն՝ ազատութեամբ ծառայելու համար, ոչ որպէս ստրուկներ այլ՝ որպէս զաւակներ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.