2016-11-08 09:44:00

Տնանկներու Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, յառաջիկայ 11 – 13 նոյեմբեր 2016-ին, ''Ֆրաթելլօ – Եղբայր'' բարեգործական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ տնանկներու յոբելենական ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ։ Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Փորթուկալէն, Անգլիայէն, Սպանիայէն, Լեհաստանէն ու անշուշտ Իտալայէն վեց հազարէ աւելի անհատներ։ Յոբելենական սոյն ուխտագնացութեան ծիրէն  ներս նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպում ու աղօթքի հսկում, զոր պիտի նախագահէ Լիոնի Արքեպիսկոպոս կարդինալ Ֆիլիփ Պարպըրէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.