2016-11-07 11:00:00

Ըստ հարցախոյզի մը. Ամերիկացի արաբներուն 60 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ ի նպաստ Քլինթընի:


Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի արաբական հիմնարկին կատարած հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց տուին, որ ամերիկացի արաբներուն մեծամասնութիւնը վաղը տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի քուէարկէ ի նպաստ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի:
Ըստ 502 ծագումով արաբ քուէարկողներու մէջ 4-12 նոյեմբերին կատարուած հարցախոյզին, անոնց 60 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ Քլինթընի, իսկ 26 առ հարիւրը` անոր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփի:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն մէկ երրորդը նշած է, որ Թրամփը պարտութեան մատնելը իրենց` Քլինթընի աջակցելուն հիմնական պատճառներէն մէկն է:
Ըստ «Եու.Էս.Էյ.Թուտէյ»-ի կողմէ հրապարակուած «Զոկպի» հիմնարկին կատարած հարցախոյզի արդիւնքին, իսլամ արաբներուն 76 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ ի նպաստ Քլինթընի, իսկ 12 առ հարիւրը` Թրամփի: Կաթողիկէ արաբներուն 20 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ ի նպաստ Թրամփի, իսկ 63 առ հարիւրը` Քլինթընի, աւետարանական եւ մնացեալ քրիստոնեայ արաբներուն 48 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ Թրամփի, իսկ 42 առ հարիւրը` Քլինթընի:
Ըստ Ամերիկայի արաբական հիմնարկի մարդահամարին, Միացեալ Նահանգներու մէջ արաբներուն թիւը 3,7 միլիոն է, որոնց քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 91 առ հարիւրը պիտի մասնակցին ընտրութեան:
Ծանօթ է, որ ամերիկացի արաբներուն քուէները ազդեցիկ են Միչիկըն, Օհայօ, Փենսիլվանիա եւ Վըրճինիա նահանգներուն մէջ, ուր Քլինթընի եւ Թրամփի միջեւ մրցակցութիւնը սուր է:







All the contents on this site are copyrighted ©.