2016-11-07 10:46:00

Եունքեր յայտարարած Է Թուրքիոյ իշխանութիւններու սպառնալիքները անտեսելու մասին:


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր «Սուար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ չի վախնար Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան երկիրներ մուտքի արտօնութեան դրութեան չջնջուելուն պարագային Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու շուրջ համաձայնագիրի կատարումէն հրաժարելու Թուրքիոյ ղեկավարութեան սպառնալիքներէն:

«Ես կ՛անտեսեմ թրքական իշխանութիւններուն սպառնալիքները, որոնց ընդմէջէն մեզի յայտնած են, որ եթէ չըլլայ մուտքի արտօնագիրի համաձայնագիր, հարցականի տակ պիտի դրուի գաղթականներու հարցով համաձայնութիւնը: Եթէ Թուրքիան չկատարէր նախատեսուած պայմանները, մուտքի արտօնագիրի հարցին մէջ յառաջընթաց պիտի չըլլայ», ըսած է Եունքեր:

Ըստ անոր, «եթէ վերջաւորութեան թուրքերը չստանան Եւրոպայի տարածքին մէջ ազատ տեղաշարժելու իրաւունք, յանցաւորը պիտի ըլլայ Թուրքիան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.