(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ ՝ ՈՒՆԵՍՔՕ-յի մօտ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան եւ Քահանայապետական խաղաղութիւն եւ արդարութիւն խորհուրդին, չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերին, Փարիզի՝ ՈՒՆԵՍՔՕ-յի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենան բանակցութիւններ, ՝Երկրագունդը, մեր հասարակաց տունը, մարտահրաւէր եւ յոյս՝՝ նիւթին շուրջ։
Բանակցութիւններու զրուցողներու շարքին ելոյթ կ՝ունենան ՈՒՆԵՍՔՕ-յի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Տիկին Իրինա Պոքովա, եւ Քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթէր Թուրքսոնը, որուն նպատակն է ներկայացնել շարք մը խորդհդածութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապի ՝՝Գովեալ ըլլաս՝՝ շրջաբերականի հաշուեկշիռին մասին՝ անոր հրատարակութենէն 18 ամիս վերջ։
Բանակցութիւններու աշխատանքներու մեկնակէտ կը նկատուի Ֆրանչիսկոս Պապի ՝ 26 նոյեմբեր 2015-ին ՝ Ափրիկէի տուած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Նայրոպիի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ յղած կոչը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը ՝՝ աջակցութեան, արդարութեան ու համերաշխութեան սկզբունքներու գործընթացքին մէջ` աղքատութեան դէմ պայքարը եւ մարդկային արժանապատուութեան զարգացումը նկատած է որպէս կեդրոն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |