2016-11-07 10:24:00

«Ժողովրդավարական Սուրիոյ» ուժերը Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան սկիզբը յայտարարեցին:


Քիւրտերուն ղեկավարած «Ժողովրդավարական Սուրիոյ» ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին եւ յայտարարեցին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքին հետ գործակցաբար Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու «Եփրատի զայրոյթ» գործողութեան սկիզբը:

Անոնք կոչ ուղղեցին օժանդակելու այս ճակատամարտին, ինչպէս նաեւ Ռաքքայի բնակիչները յորդորեցին հեռանալու ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն մօտակայքէն:

«Ժողովրդավարական Սուրիոյ» ուժերը նշեցին, որ գործողութեան պիտի մասնակցին 30 հազար զինեալներ` յոյս յայտնելով, որ Թուրքիան չմիջամտէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն:

Նշեալ ուժերը յայտարարեցին Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան ղեկավարման կեդրոններու հաստատումը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միջազգային դաշինքը ճակատամարտի ընթացքին օդային ծածկոյթ պիտի ապահովէ, եւ թէ «Ժողովրդավարական Սուրիոյ» ուժերը Ուաշինկթընի հետ համաձայնած են Թուրքիան այդ գործողութենէն հեռու պահել:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ ամերիկացի անանուն պաշտօնատար մը հաստատած է Ռաքքան մեկուսացնելու գործողութեան սկիզբը` առ ի պատրաստութիւն զինուորական գործողութեան:

Թուրքիոյ բանակը երէկ յայտարարեց, որ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոզըֆ Տանֆըրտի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Պրատ Մքկըրք երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, որ Մուսուլի եւ Ռաքքայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը պիտի ընթանայ զուգահեռ կերպով «եւ Ռաքքայի ճակատամարտին հարցով թրքական կողմին հետ համակարգումով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.