2016-11-06 10:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ժողովրդային Շարժումներու Գ հանդիպումի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 5 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապ` Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Ժողովրդային Շարժումներու երրորդ հանդիպման 5 հազարէ աւելի մասնակիցները ու այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ ամփոփեց ներկայ ժամանակներու մէջ մարդկութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցեր, որոնք արդէն Պոլիվիայի մէջ Ժողովրդային Շարժումներու երկրորդ հանդիպման առիթով քննարկուած էին։

Ներկաները, որոնք կու գային հինգ ցամաքամասերը ընդգրկող արուարձանային մարզերէ, հողամշակութեան կամ ճարտարարուեստի բնագաւառներէ, ժամանած էին 60 երկիրներէ, անոնց  կ՛ընկերանային նաեւ թեմական եպիսկոպոսներ ու քահանաներ։

Արդէն երկրորդ հանդիպումը իր ուշադրութիւնը կենդրոնացուցած էր կառոյցներու վերանայման վրայ, նպատակ ունենալով նախ՝ տնտեսութիւնը դնել մարդու ծառայութեան մէջ, երկրորդ՝ կերտել խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, եւ երրորդ՝ պաշտպանել Մայր Երկիրը։ Այնտեղ անդրադարձ կատարուած էր զանազան հարցերու, ինչպէս՝ խտրականութիւն, կիներու դէմ կատարուած բռնութիւն եւ ստրկութեան նոր ձեւեր, պատերազմներ, ոճրային կազմակերպութիւններ եւ բնութեան աւերում։

Աշխատանքներու նպատակը եղած էր՝ ձեռնարկել մարդկութիւնը տանջող այս երեւոյթներու բարձումի միջոցներուն։
Սրբազան Պպաը նկատեց, թէ դրամը կʼիշխէ վախի եւ անհաւասարութեան, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ զինուորական բռնութեան խարազանով, որ միշտ կը ծնի առաւել բռնութիւն՝ անվերջ պարոյրի մը մատնուած՝ պատճառելով ցաւ եւ վախ։ Ան յիշեց Պիոս ԺԱ. Պապի խօսքը, որ մօտ 100 տարիներ առաջ այս երեւոյթը կ՛անուանէր «դրամի միջազգային իշխանապաշտութիւն», մինչ Պօղոս Զ. Պապ` մօտ 50 տարիներ առաջ կը դատապարտէր «ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական մարզի վրայ երեւցող տնտեսական իշխանութեան չարաշահող նոր կերպը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցուց՝ թէ «ոչ մէկ բռնակալութիւն կը մնայ կանգուն՝ առանց մեր վախէն օգտուելու»։ Ան յիշեց նաեւ Պոլիվիայի հանդիպման աշխատանքներու եզրափակիչ կոչը՝ «Շարունակենք աշխատիլ կերտելու համար կամուրջներ ժողովուրդներու միջեւ. կամուրջներ, որոնք մեզի թոյլ կու տան խորտակելու բացառումի եւ չարաշահումի պարիսպները»։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Մարկոսի Աւետարանին մէջ պատմուած դրուագը, ուր Յիսուս իր աշկերտներուն հետ ցորենի արտէն կ՛անցնէր, եւ աշակերտները հասկեր կորզելով կ՛ուտէին (Մրկ Բ.)։ Օրէնուսոյցները կը գանգատէին, որովհետեւ այդ կը կատարուէր շաբաթ օրով։ Մինչ Յիսուս կը յիշեցնէր, թէ Աստուած ողորմութիւն կʼուզէ, եւ ոչ զոհ, եւ կը բացատրէր՝ թէ շաբաթը մարդուն համար եղած է, եւ ոչ թէ մարդը՝ շաբաթին համար։

Յիսուս առաջնահերթութիւն կու տայ մարդ արարածին, եւ չ՛ընդունիր որ որոշ տրամաբանութիւններ արգելք հանդիսանան մարդու՝ ապրելու, սիրելու եւ ընկերոջ ծառայելու ազատութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Վատիկանի վարչական նոր բաժանմունքի աշխատանքներուն, որ կը կրէ «Մարդկային համապարփակ զարգացում» տիտղոսը։ Ապա մէջտեղ դրաւ գաղթականներու եւ փախստականներու խնդիրը։ Ան յիշեց նաեւ յիշեալ բաժանմունքի ցուցաբերած ջանքերը այս մարզէն ներս։ Շեշտելով այս խնդրի հրատապ նկարագրին վրայ, ան նկատեց թէ՝ Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ ալ ապրած էին փախստականի տագնապալի վիճակը։
Սրբազան Հայրը ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց երկու վտանգներ, որոնք կը սպառնան Ժողովրդային Շարժումներու եւ քաղաքականութեան միջեւ կայացած յարաբերութեան – առանձնացումի եւ կաշառակերութեան վտանգները։ Այսինքն կծկուիլ կրաւորական դիրքի վրայ եւ սայթաքիլ կաշառակերութեան մէջ։

Սրբազան Պապը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ այս երկու երեւոյթներուն։ Ան յորդորեց, որ ի տես տագնապալի տառապանքներու, ուր վտանգուած են արժէքներ, բարոյականութիւն, ընկերային գիտութիւններ եւ հաւատք, պէտք է ձայն բարձրացնել։ Ան, խնայողական ապրելակերպը եւ գործելակերպը նկատեց իբր դարման կաշառակերութեան երեւոյթին։


Իր խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ըսաւ՝ «Կը ցանկամ խնդրել Աստուծմէ, մեր Հօրմէ, որ ձեզի ընկերակցի եւ ձեզ օրհնէ, որ ձեզ լեցնէ Իր սիրով եւ ձեզ պաշտպանէ ձեր ճանապարհին վրայ, ձեզի առատօրէն շնորհելով այն զօրութիւնը, որ մեզ կանգուն կը պահէ եւ մեզի ոյժ կու տայ խորտակելու ատելութեան շղթան։ Այդ զօրութիւնը՝ յոյսն է։»








All the contents on this site are copyrighted ©.