2016-11-05 10:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց դասի տարեկան ընդհանուր հաւաքի առիթով, որ տեղի կ՝ունենայ Լուրտի մէջ,  Վատիկանի պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապի անունով,   ուրբաթ, 5 նոյեմբերին պատգամ յղած  է Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն, որուն մէջ  խրախուսած է զանոնք ՝ օգնել Ֆրանսացի քաղաքացիներուն, ''զօրացնելու յոյսը ու փնտռելու հասարակաց  բարիքը''։

Պատգամին մէջ յիշուած է  որ Ֆրանսան տակաւին կ՝ապրի ժամանակի մը մէջ,  որ յատկանշուած է   ահաբեկչական  ահաւոր արարքներէ,  եւ քաղաքական կարեւոր   ընտրութիւններու  հեռանկարով։

Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներէն խնդրած է բանալ նոր ուղիներ, որպէսզի յաջորդ նոր տարիները լի ըլլան ողորմածութեամբ՝ ընդառաջելու համար իւրաքանչիւր անձին, անոր շնորհելով Աստուծոյ քնքշութիւնն ու սէրը։

Ապա  յիշելով ՝՝բանուորական միսինորականութեան՝՝ հիմնարկութեան 60-րդ ամեակը, Կարդինալ Փարոլին, Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն  փոխանցած է  ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրը,  քաջութիւն ունենալ՝ հասնելու  համար բոլոր այն արուարձաններուն մէջ  ուր կայ աւետարանի կարօտը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.