2016-11-05 08:57:00

Տօն Սրբոց Հրեշտակապետաց՝ Գաբրիէլի, Միքայէլի, Ռափայէլի և ամենայն երկնային զօրացն։


Որ ի հրեղէն զօրաց երկնից փառաբանիս, Աստուա՛ծ, որով զերկնային, անապական, աստուածային զշնորհս հեղեր յորդիս Ադամայ, աղաչանօք սոցա ողորմեա՛ մեզ, Աստուա՛ծ:

Երեւելով հողեղինացս անհիւթականքն ի ձեւ մարմնոյ, որք եւ ծանուցին մարգարէիցն զխորհուրդ Քո գալստեանդ՝ բազմապատիկ տեսլեամբ օրինակելով, աղաչանօք սոցա ողորմեա՛ մեզ, Աստուա՛ծ:
Անճառելի տնօրէնութեանդ Քո աւետաբերք առաքեցան Գաբրիէլ եւ Միքայէլ՝ անմարմնական դասուքն իւրեանց յերկրի սպասաւորելով. աղաչանօք սոցա ողորմեա՛ մեզ, Աստուա՛ծ:

 

Զմմառու վանքին յատուկ է Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ յատկապէս Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնը, որ միաժամանակ անուանակոչութեան տօնն է Զմմառու Դպրեվանքին: Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Զմմառու վանքին համար, որովհետեւ Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետը Դպրեվանքի հզօր պաշտպանը հանդիսացած է վաղուց ի վեր: Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, «Սրբոց Հրեշտակապետաց» տօնը կը կատարուի Ս. Խաչի տօնին յաջորդող ութերորդ Շաբաթ օրը: Աւանդութեան համաձայն ամէն տարի, սոյն տօնին՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը, նախագահութեամբ Ամեն. Կաթողիկոս-Պատրիրաքին, Եպիսկոպոսաց դասուն և Վարդապետներու մասնակցութեամբ, Զմմառու վանքի ընծայարանի կղերիկոսներուն հետ միասնաբար կը տօնախմբեն «Սրբոց Հրեշտակապետաց» տօնը: 

Հայ եկեղեցւոյ հրեշտակաբանութեան համաձայն` հրեշտակները անմարմին գոյացութիւններ են, Աստուծոյ իմացական, անձնիշխան, մշտաշարժ, անսեռ, անմահ և սպասաւորներ: Ըստ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն` հրեշտակները, իբրեւ լուսեղեն էակներ, ստեղծուած են արարչագործութեան առաջին օրը` լոյսի հետ միասին: Աստուծոյ հրահանգով անոնք կոչուած են սպասաւորելու մարդ արարածին: Հետեւաբար անոնք սպասաւոր հոգիներ են, և երկնաբնակ ըլլալով հանդերձ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ երկրաւոր կեանքի ընթացքին, կը գործեն ժամանակի և տարածքի մէջ ապրող մարդուն համար: Հրեշտակներուն կ'անուանեն նաեւ Աստուծոյ պատգամաւորներ, որոնք կ'իրականացնեն Տիրոջ կամքը: Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, որ անոնք բազմաքանակ են: Ըստ Դիոնիսիոս Արիսպագացիի` հրեշտակները ունին ինը դաս` Աթոռներ, Քերովբէներ, Սերովբէներ, Տէրութիւններ, Զօրութիւններ, Իշխանութիւններ, Պետութիւններ, Հրեշտակապետեր և Հրեշտակներ: 
«Գաբրիէլ» անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ այր», Բարձրեալի անմիջական պաշտօնեան է, որուն վերապահուած է Տիրոջ վերին խորհուրդները աւետարանելու շնորհքը: Այս հրեշտակապետը, որ ուղարկուած էր Տիրոջ կողմէն, Սուրբ Կոյս Մարիամին հաղորդեց բարի լուրը, իսկ Զաքարիային` Ս. Յովհաննէս Մկրտչի ծննդեան աւետիսը: 
«Միքայէլ» անունը, որ կը նշանակէ «Ո՞վ է Աստուծոյ նման», Երկնաւոր Արքայի փառքի և անոր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար մարտնչողն է, որուն տրուած է կառավարելու և թագաւորելու շնորհքը: Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի անունը չորս անգամ վկայակոչուած է Սուրբ Գրքին մէջ (Դան. 10:13, 11:1, Յուդ. 1:9, Յայտն. 11:7):








All the contents on this site are copyrighted ©.