2016-11-04 10:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան պատկերասփռուած պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 3 նոյեմբերին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին  նոյեմբեր ամսուայ առաքելական աղօթքին դիտաւորութեան հայող լսատեսողական պատգամը, որուն նիւթն է   ՝՝Որպէսզի այն երկիրները որոնք մեծ թիւով գաղթականներ ու փախստականներ կ՛ընկալեն,  աջակցութիւն գտնեն իրենց զօրակցութեան յանձնառումի մէջ։՝՝

Լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ 

՝՝Կարողէ է երկիր մը` մինակը դիմագրաւել պարտադրուած գաղթականութենէն յառաջացած դժուարութիւնները։ Հարկաւոր է  է շրջանցել ուրիշը ընկալելու վախն  ու անտարբերութիւնը։

Որովհետեւ այս ուրիշը կրնան դուն ըլլալ եւ կամ  ես ։ Միացիր աղօթքի այս իմ դիտաւորութեանս։ Որպէսզի մեծ թիւով  գաղթականներ ու փախստականներ  ընկալող երկիրները,  աջակցութիւն գտնեն իրենց զօրակցութեան  յանձնառումին  մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.