2016-11-04 11:30:00

''Տէրը գթասիրտ ու ողորմած է'' Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 4 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարի կեդրոնական խորանին վրայ գլխաւորեց անցնող տարուայ ընթացքին ննջեցեալ կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու հոգւոյն հանգստեան սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

''Տէրը գթասիրտ ու ողորմած է''։ Նոյեմբեր ամիսը, որ քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը կը նուիրէ հաւատացեալ ննջեցեալներու յիշատակին, Եկեղեցական հասարակութեան մէջ ամէն տարի կը հրահրէ մահէն անդին կեանքի գաղափարը ու յատկապէս Տիրոջ հետ վերջնական հանդիպումի գաղափարը։

Գիտակցելով այս իրողութեան մենք համախմբուած ենք Տիրոջ Սեղանին շուրջ­, աղօթելու համար այն կարդինալներուն ու Եպիսկոպոսներուն հոգւոյն հանգստեան, որոնք իրենց երկրային օրը աւարտեցին վերջին 12 ամիսներու ընթացքին­, ու մինչ անգամ մը եւս զանոնք կը յանձնենք Հօր ողորմածութեան­,  կը նորոգենք մեր երախտագիտութիւնը` անոնց մեզի թողած  քրիստոնէական ու քահանայական վկայութեան համար – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով երկրային ուղեւորութեան` դէպի Հօր Երկնային տունը,­ ուր կայ հանգիստ ու խաղաղութիւն, մեր Տիրոջ Յիսուսի միջոցաւ որ է Ճանապարհ ճշմարտութիւն ու կեանք։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա Քահանաներու ու եպիսկոպոսներու կոչումի ու այդ կոչումի դիմաց արտասանուած ''ահաւասիկ եմ'' խօսքին ու ընդգծեց թէ ''Կարդինալներն ու եպիսկոպոսները զոր այսօր կը յիշենք աղօթքի մէջ­, իրենց կեանքը նուիրագործեցին Աստուծոյ ու նուիրուեցան Յիսուսի սէրը վկայելու ու զայն փոխանցելու ուրիշներուն''։

Անոնք Քրիստոսի հօտին հովիւներն են ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով նաեւ թէ անոնք ''լի Սուրբ Հոգւոյն ուժով, հռչակեցին Աւետարանը, հայրական սիրով ջանացին սիրել բոլորը ու յատկապէս աղքատները, անպաշտպանները ու օգնութեան կարիք ունեցողները։ Անոնք իրենց առաքելութեամբ իրենց հաւատացեալներու սրտին մէջ դրոշմեցին մխիթարիչ ճշմարտութիւնը` ''շնորհք ու ողորմութիւնը վերապահուած են ընտրեալներուն''։

Ողորմածութեան Աստուծոյ եւ ներումի անունով անոնց ձեռքերը օրհնեցին ու մեղքեր քաւեցին, անոնց խօսքերը մխիթարեցին ու արցունքներ սրբեցին ու անոնց ներկայութիւնը վկայեց թէ  Աստուծոյ բարութիւնը անսահման է ու անոր ողորմութիւնը  անսպառ ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ապա քարոզին աւարտին  հաստատեց թէ Քրիստոսի Զատկուայ խորհուրդի լոյսին ընդմէջէն` մահը իրականին մէջ մուտք է կեանքի լիութեան ներքոյ եւ այս հաւատքի լոյսով է որ մենք մեզ աւելի մօտիկ կը զգանք մեր ննջեցեալ Եղբայրներուն, սուրբերու հաղորդութեան միջոցաւ, ու մեր կարգին` յոյսով կը սպասենք այն օրը երբ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք ողորմած Հօր լուսաւոր դէմքին դիմաց։ 

Անոնց վրայ ու մեր վրայ թող հսկէ մեր Մայրը Մարիամը ու մեզի համար ընդունի շնորհքը երբեք չբաժնուելու Աստուծոյ սէրէն որ կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի մեր Տիրոջ մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.