2016-11-04 10:57:00

Պրիւքսելի մէջ պիտի ներկայացուի Արցախը:


Պրիւքսելի մէջ նոյեմբեր 16-­19 տեղի պիտի ունենան Արցախի օրեր: Ինչպէս նշած է ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան, այդ օրերուն բազմաթիւ ձեռնարկներ նախատեսուած են:

«Նախ նախատեսուած են քաղաքական հանդիպումներ տեղի պատգամաւորներու, այլ պատասխանատու անձերու հետ: Հանդիպումներ պիտի ըլլան քաղաքագէտներու, դիւանագէտներու, ակադեմիկոսներու հետ: Կը ներկայացուին ղարաբաղեան վերջին զարգացումները, Արցախի 25-­ամեայ անցած ուղին, պետականաշինութիւնը»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան:

Քաղաքականէն բացի, նախատեսուած են մշակութային ձեռնարկներ, պիտի ներկայացուին Արցախի զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ արցախեան արտադրատեսակները:

 «Տնտեսական տեսանկիւնէ երկու մեծ, կարեւոր նախաձեռնութիւններ կան: Առաջինը Արցախի զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսն է, երբ Պրիւքսելի ճամբորդական գրասենեակներուն պիտի ներկայացուին հանրապետութեան զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները: Արցախը զբօսաշրջութեան համար պիտի ներկայացուի որպէս այլընտրանքային վայր` լեռնագնացութիւն, հովիտներ, բնութիւն եւ այլն»,- ­նշած է Պետօ Տէմիրճեան:

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի օրերու ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուին ղարաբաղեան խմիչքներ, անուշեղէն, գորգեր: Պետօ Տէմիրճեան ընդգծած է, որ այս նախաձեռնութիւնը տարիներ առաջ սկսած գործի շարունակութիւնն է: Այս անգամ Պելճիքայի մէջ Արցախի օրերը պիտի իրականացուին մեծ շուքով:

«Այս ձեռնարկներու ծիրէն ներս Արցախը պիտի ներկայացուի ոչ հակամարտութեան տեսանկինէ, ի վերջոյ Արցախը միայն պատերազմ չէ, այնտեղ կան մարդիկ, որոնք կը կառուցեն իրենց երկիրը, ունին իրենց մշակոյթը, սովորոյթները, զբօսաշրջութիւնը: Ահա նպատակն է բացայայտել այդ ամէնը: Ատոր հասնելու համար պէտք է խօսիլ Արցախի այլ կողմերուն մասին եւս: Այնպէս որ, կը կարծենք` այս ձեռնարկները եւրոպացիներուն հնարաւորութիւն պիտի տան իրազեկուած ըլլալու Արցախի մասին»,- աւելցուցած է Պետօ Տէմիրճեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.