2016-11-03 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց զանազան կրօններու պատկան 200 անդամներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, հինգշաբթի , 3 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ շնորհեց  միջ-կրօնային  ունկդրութիւն,  որուն մէջ նկատեց,  թէ Յոբելինական Սուրբ Տարին կը հասնի իր աւարտին։  Այս տարուան շրջանին, Կաթողիկէ Եկեղեցին աշխուժ կերպով անդրադարձաւ ողորմածութեան նիւթին, որ քրիստոնէական քարոզութեան սիրտն է։

          Ողորմածութիւնը Աստուծոյ անունին յայտնութիւնն է եւ այն քովթարն է, որուն վրայ կը հենի Եկեղեցւոյ կեանքը։ Ան բանալին է՝ մուտք գործելու մարդ արարածի խորհուրդէն ներս, որ նաեւ այսօր յոյժ կարեւոր է ներումի եւ խաղաղութեան համար։ Սակայն ողորմածութեան խորհուրդը լոկ խօսքերու մէջ չի կայանար, այլ մանաւանդ գործերու մէջ։  Սրբազան Հայրը այս կեցուածը նկատեց Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ բոլոր կրօնքներու գործելակերպի ուղղութիւնը, եւ մօտիկէն անդրադարձաւ զանազան կրօնական մշակոյթներու մէջ ողորմածութեան հասկացողութեան։ Ան յիշեց Եսայի մարգարէի խօսքը՝ «Արդեօք կին մը իր մանուկը կը մոռնա՞յ, կամ պիտի չգթա՞յ իր որովայնի ծնունդին վրայ։ Եթէ նոյնիսկ կինը իր մանուկը մոռնայ, ես քեզ չեմ մոռնար, կ՝ըսէ Տէրը։» (Եսա ԽԹ. 15)։ Մա՛րդն է՝ որ կը մոռնայ զԱստուած, ըսաւ Սրբազան Պապը, մա՛րդն է՝ որ կը հեռանայ Աստուծմէ՝ միշտ կրկնելով անցեալի ողբերգական սխալները։ Չարիքի ողբերգութիւնը կը չարչրկէ մարդը։ Ահա չարի այս վիճակին մէջ է, որ կը կայանայ ողորմած սիրոյ ամենազարմանալի երեւոյթը։ Ողորմածութիւնը չի լքեր մարդը չարի քմահաճոյքին, չի մոռնար, այլ կը յիշէ, եւ կը խոնարհի անոր վրայ եւ կը բարձրացնէ զայն՝ ինչպէս պիտի կատարէր մայր մը։ Ողորմածութեան այս երեւոյթն է, որ մարդու մէջէն կը խլէ վախի զգացումը, որովհետեւ անոր մէջ է ներումի խորհուրդը, որ այս յոբելինական տարւոյն պատգամն է՝ խորհրդանշուած Սուրբ Դրան միջոցաւ։

         Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ ողորմածութիւնը կ՝ուղղուի նաեւ մեր «հասարակաց տան», արարչութեան, որ պէտք է պաշտպանենք եւ պահպանենք։ Այս պարտականութիւնը հրատապ այժմէականութիւն ունի՝ ի տես բնութեան մէջ ներկայ տագնապին։ Վերջապէս, Սրբազան Հայրը յիշեց ներկայի հակամարտութիւններն ու բռնութիւնները, ահաբեկչական եւ կործանարար արարքները։ Ան դատապարտեց այդ բոլորը, նշելով՝ թէ մենք պատասխանատուութիւն մը ունինք Աստուծոյ դիմաց։ Մեր կոչումն է, միասնաբար ընթանալ ճանապարհ մը՝ ի նպաստ բոլորի բարիքին, եւ տոգորուած յոյսով։ Կրօնքները թող ըլլան կեանքի արգանդներ, որոնք խոցուած եւ կարիքաւոր մարդկութեան հասցնեն Աստուծոյ ողորմածութեան գորովը. ըլլան յոյսի դռներ, որոնք կ՝օգնեն գերազանցելու ամբարտաւանութեան եւ վախի կառուցած պարիսպները։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.