2016-11-03 09:43:00

Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու աղօթքը Նորչիա - Սփոլեթօ թեմի երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 2 նոյեմբերի երեկոյեան 17.42-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռախօսային կապ հաստատեց անցեալ օրերուն երկրաշարժի թիրախ դարձած Սփոլեթէ – Նորչա թեմին Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտոյին, անորմէ խնդրելով որ իր մօտիկութիւնը փոխանցէ. անցեալ 26 ապա 30 նոյեմբերին երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան։

Հեռաձայնական կապի ընթացքին Թեմին առաջնորդը կը գտնուէր Նորչիա` մասնակցելու Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Սերճօ Մաթթարելլայի բնակչութեան տուած այցելութեան։

''Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցի իրավիճակը, մարդոց ու տեղահաններուն  դժուարութիւններն ու վախերը, որոնք երկու ամիսէ իր վեր կ՛ապրին երկրաշարժի ցնցումներուն հետ։ Քահանայապետը ինծի վստահեցուց աղօթքներ ու ինձմէ խնդրեց որ իր օրհնութիւնը փոխանցեմ բոլորին''­ յայտարարեց գերապայծառ Պոքքարտօ Թեմի լրատուական սպասարկութեան կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ­, աւելցնելով թէ Սրբազան Քահանայապետը նաեւ ցաւ յայտնեց սրբավայրերու ու եկեղեցիներու փլուզումին ի տես­, որոնք կը ներկայացնեն ժողովուրդի մը ինքնութեան ու հաւատքի խորհրդանիշերը։

''Գերապայծառ Պոքքարտոն ու Սփոլեթօ - Նորչիա թեմին համայն եկեղեցին իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Ֆրանչիսկոս Պապին իր այս մօտիկութեան արտայայտութեան համար'' գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.