Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց զօր. Միշել Աունին` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:
«Վստահ եմ, որ ձեր երկարամեայ փորձառութիւնը եւ Լիբանանի համար բարեկեցիկ ու անվտանգ ապագայ մը ապահովելու իմաստով անմնացորդ նուիրուածութիւնը լաւագոյնս կը ծառայեն իրենց նպատակին:
«Համոզուած եմ, որ ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին դարերու խորքէն եկող հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի եւ կը ստանայ նոր որակ», նշուեցաւ ուղերձին մէջ:
Սերժ Սարգսեան նախագահ Աունին առողջութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեց` իր բոլոր նպատակներն ու ծրագիրները իրականացնելու:
All the contents on this site are copyrighted ©. |