2016-11-03 09:39:00

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արժեւորեց նախագահական ընտրութիւնը


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը չորեքշաբթի, 2 նոյեմբերին, Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Խորհուրդը շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` անոր ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր ստանձնած ազգային պարտականութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արժեւորեց նախագահական աթոռի թափուր դրութեան վերջ դնելու ջանքերը` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին իշխանութիւնը ստանձնած է ճակատագրական պահու մը` կոչ ուղղելով կառավարութիւնը կազմելու ամէնէն արագ միջոցին, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել տնտեսական եւ ընկերային լուրջ տագնապներէն:

Խորհուրդը բարձր գնահատեց նախագահ Աունի երդման ճառը` մաղթելով, որ անիկա կարելի ըլլայ իրականացնել` խորհրդարանին եւ նախարարաց խորհուրդին հետ գործակցաբար:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց հոգալու քաղաքացիներուն կարիքները եւ ծառայելու` անոնց արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու ի խնդիր:

Մարոնի եպիսկոպոսները ընդգծեցին պետական մակարդակի վրայ կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ իրենք կը պատրաստուին Լիբանանի անկախութիւնը արժանավայել կերպով տօնակատարելու:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.