2016-11-03 10:23:00

Իսլամական պետութեան առաջնորդը կոչ ըրած է իր հետեւորդներուն գրաւելու Թուրքիան:


Ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր ալ­ Պաղտատին Թուրքիան գրաւելու կոչ ըրած է իր հետեւորդներին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Reuters գործակալութիւնը:

ԻՊ կողմնակիցները Նոյեմբեր 3-­ին տարածած են 31 րոպէ տեւողութէամբ ձայնագրութիւն մը, որուն իսկութիւնը ճշդել հնարաւոր չէ եղած: Ձայնագրութիւնը իրաքեան կառավարական ուժերուն կողմէ Մոսուլի ազատագրման գործողութիւնները սկսելէն ետք կը համարուի Պաղտատիի առաջին ուղերձը:

«Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման առաջնորդը կոչ ըրած է ԻՊ զինեալներուն «իրենց զայրոյթի կրակը բանալ» թրքական զօրքերու նկատմամբ` պայքարելով անոնց դէմ Սուրիոյ մէջ եւ այդ կռիւը տեղափոխել Թուրքիա: «Այսօր Թուրքիան մուտք գործած է ձեր գործողութիւններուն եւ ձեր ճիհատի նպատակի շրջանակ… գրաւէք զայն եւ անոր անվտանգութիւնը վերածեցէք վախի»,­- կ՛ըսուի Պաղտատիին ձայնագրութեան մէջ:

Պաղտատին համոզում յայտնած է, որ Մոսուլի համար պայքարին մէջ յաղթանակը իրենցն է: Ուղերձին մէջ ԻՊ առաջնորդը դիմած է մահապարտներուն` կոչ ընելով «անհաւատներու գիշերները դարձնել ցերեկ, անոնց երկրին մէջ յառաջացնել քաոս եւ անոնց արիւնը հոսեցնել գետի պէս»:








All the contents on this site are copyrighted ©.