2016-11-03 12:53:00

Բանտարկեալներու եւ ընկերութենէն մեկուսացուածներու Ողորմութեան յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 3 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաելին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ յառաջիկայ 6 նոյեմբերին նշուելիք բանտարկեալներու եւ  13 նոյեմբերին նշուելիք ընկերութենէն մեկուսացուածներու` Ողորմութեան Սուրբ  Տարուան յոբելեանը։

Մամլոյ ասուլիսին  ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Նոր աւետարանութեան Քահանայապետական  խորհուրդի նախագահ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա։։

Բանտարկեալներու Յոբելեանը սկիզբ պիտի առնէ Կիրակի 6 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, Սուրբ Պետրոսի Յոբելենական Սուրբ Դուռի անցքով­, ապա տեղի պիտի ունենայ խորհրդածութեան պահ մը որուն ընթացքին կը ներկայացուին նաեւ վկայութիւններ եւ որոնք կը յաջորդէ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը հուսկ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը զոր կը գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետը։

Սրբազան Արարողութեան աւարտին Յոբելենական հաւաքին բոլոր մասնակիցները  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայ կը գտնուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին,  կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքին։

Մինչ Ընկերութենէն մեկուսացեալներու Յոբելեանը կը նշուի յառաջիկայ 13 նոյեմբերին միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` առաւօտեան 10-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Յայտնենք թէ նոյն օրը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Հռոմի  Քահանայապետական երեք Պազիլիքաներու Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Յոբելենական դռներու փակման արարողութիւնը­, զոր պիտի կատարեն Ֆրանչիսկոս Պապէն նշանակուած` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքային համար` Հռոմի Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի, Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի  համար Կարդինալ Սանթոս Ապրիլ Ի Քասթելլօ եւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքայի համար Կարդինալ Ժէյմս Մայքել Հարվէյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.