2016-11-02 09:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ժամանակ, հովուական այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ` իր սովորութեան համաձայն­, զրուցած է իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց հարցումներուն ու յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց` իրենց կատարած աշխատանքին համար։
Առաջին հարցի պատասխանին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ շեշտած է՝ թէ փակել դռները եւ սրտերը փախստականներու դիմած անմարդկային վարմունք է. իսկ եթէ գաղթականին կամ փախստականին դիմաց կը փակուին դռները՝ այն ժամանակ կեթոյացման, կղզիացման վտանգ կը սպառնայ։ Ան գնահատած է Շուէտը, որ միշտ «օրինակ հանդիսացած է» փախստականներու եւ գաղթականներու վիճակը կարգաւորելով, անոնց լեզու սորվեցնելով եւ մշակոյթի մէջ ներգրաւելով։ Ան յատուկէն մատնանիշ ըրած է հարաւային Ամերիկայէն եկած գաղթականներուն, որոնք Շուէտի մէջ կը գտնեն ջերմ ընկալում։
Կիներու քահանայական օծումի հարցին, Սրբազան Քահանայապետը պատասխանած է նշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին, որ կը բացառէր կիներու քահանայական օծումը։ Այդ կը մնայ Եկեղեցւոյ կեցուածքը։ Սակայն, նկատած է Ֆրանչիսկոս Պապ, կիները Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ունին իրենց յատուկ առաքելութիւնը, նշելով նաեւ՝ թէ Եկեղեցին իբր «Քրիստոսի Հարս»՝ իր նկարագրին մէջ ունի նաեւ կանացի բնոյթ։
Յաջորդ հարցերը՝ ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին, եղած են համամիութենական խնդրի, Վենեզուելայի նախագահ Մատուրոյի՝ Պապին տուած այցելութեան, Եւրոպայի աշխարհայնացման եւ մարդասիրական գործունէութիւններու շուրջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշած է, թէ յաջորդ տարի պիտի կատարուին զանազան հանդիպումներ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու հետ։ Այդ ձեռնարկները առիթ են վերանորոգումի եւ ներումի, որովհետեւ, պատմութեան մէջ կաթողիկէ Եկեղեցին ալ երբեմն ոչ քրիստոնէական վերաբերում ունեցած է այլ դաւանանքներու նկատմամբ, ըսած է Քահանայապետը մինչ անդրադառնալով Վենեզուելայի նախագահ՝ Նիքոլաս Մատուրոյի այցելութեան, սրբազան Պապը նկատած է, թէ խնդիրներու լուծման համար միշտ կարեւոր է երկխօսութիւնը։ «Երկխօսութիւնը միակ ճանապարհն է՝ դուրս գալու համար ընդհարումներէ» հաստատած է ան։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ «աշխարհայնացումը» օրհասական չի նկատեր. դա զարգացում մըն է, որ տեղի կʼունենայ՝ երբ հաւատքը կը գաղջանայ։ Ան յիշած է այս զարգացումի պատճառները՝ ինչպէս հոգեւորականներու կեանքի զեղծումը եւ աւետարանումի առաքելութեան խեղճացումը։ Ուշ կամ կանուխ  աշխարհայնացումը կը վերածուի Աստուծոյ դէմ գործուած մեղքի՝ ուր մարդը ինքզինք ինքնաբաւ կը նկատէ։ Լուսաւորութեան դարու թողած աւանդն է՝ որ մարդ արարածը իր սահմաններէն դուրս կու գայ եւ ինքզինք կը նկատէ իբր Աստուած։
Ֆրանչիսկոս Պապի ուղղուած վերջին հարցումը եղած է Սանթա Մարթա Խմբակի մարդասիրական աշխատանքին շուրջ, որուն առաքելութիւնն է վերացնել ստրկութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը յիշած է, թէ ինք արդէն իբր քահանայ, եւ աւելի ուշ իբր եպիսկոպոս աշխատած է զանազան կազմակերպութիւններու հետ՝ ազատելու համար մարդիկ՝ գերութեան շղթաներէն։ Յատուկէն անդրադարձած է այն աշխատանքին, որ կը տարուի բոզութեան ստրուկ կիներու ազատագրումին։ Ան գնահատած է գերութեան որեւէ ձեւի բարձումի ջանքերը, որոնք կը ցուցաբերուին նաեւ  Իտալիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.