2016-11-02 09:56:00

Ուաշինկթըն «խորապէս անհանգստացած Է» «Ճումհուրիյէդ»ի դէմ գործողութեամբ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն խորապէս անհանգստացած է Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթի գլխաւոր խմբագրին ու լրագրողներու ձերբակալութիւններուն պատճառով:

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութեան համաձայն, Քըրպի նշած է. «Ժողովրդավարութիւնը աւելի զօրաւոր կը դառնայ, երբ դժուար ժամանակներու ընթացքին կ՛արտօնուի բազմակարծութիւնը: Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջման փորձին ետին կանգնած մարդոց յայտնաբերելու ուղղուած գործողութիւններուն Ամերիկա ըմբռնումով կը մօտենայ, սակայն խորապէս կ՛անհանգստանայ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու նկատմամբ կառավարութեան կողմէ իրականացուող ճնշումներուն ի տես»:

Իր կարգին, «Մարմարա» կը գրէ, թէ «Ճումհուրիյէ»չ թերթի վարիչներուն ու աշխատակիցներուն դէմ բացուած հարցաքննութիւնը, որուն գծով ցարդ ձերբակալուած են թերթին վարիչներէն ու աշխատակիցներէն 13 հոգի, փոթորիկ ստեղծած է մամլոյ աշխարհէն ներս, աւելցնելով, թէ թերթը Նոյեմբեր 1ին հրատարակուած է ու ոչ միայն չէ մեղմացուցած իր ձայնը, այլ նաեւ կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ իշխանութիւններուն։

«Պիտի Չյանձնուինք» գրուած է թերթին առաջին էջին վրայ մեծադիր գիրերով։ Թերթը հրատարակած է նաեւ խմբագրական մը, որուն մէջ դիտել կը տրուի, թէ «Ճումհուրիյէ»չ երկրի ամէնէն հին թերթերէն մէկն է, որ առաջին օրէն ի վեր հաւատարիմ կը մնայ ժողովրդավարութեան ու աշխարհիկ կարգավիճակին։ Թերթը կը պնդէ որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն լռեցնել թերթը, բայց թերթը անդրդուելի պիտի մնայ։ Թերթը նաեւ ծիծաղելի կը գտնէ այն պնդումները, թէ «Ճումհուրիյէ»չ կը զօրակցի Ֆեթհուլլահ Կիւլենի, յիշեցնելով, որ թերթը տարիներով մերկացուցած է Թուրքիոյ աշխարհիկ  իշխանութիւնները տապալելու ու կրօնամէտ իշխանութիւն մը հիմնելու նպատակով Կիւլենի կողմէ տարած աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.