2016-11-01 09:09:00

«Դո՛ւն ի՞նչ րրած ես Ղարաբաղի համար»


Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ  կայացաւ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:

Համաժողովին ընթացքին մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժում` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու ԼՂՀ-ին օգնելու, ներդրումները խթանելու, ԼՂՀ-ի ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը առաւել զարգացնելու ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.