2016-10-31 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան)  Դէպի Շուէտ տանող թռիչքի ժամանակ, ֆրանչիսկոս Պապ աւանդութեան համաձայն ողջունեց իր հետ ժամբորդող լրագրողները,  շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` իրենց կատարած աշխատանքին  համար։

 

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ,  թէ Շուէտի ճամբորդութիւնը կարեւոր ճամբորդութիւն կը համարուի,  որովհետեւ՝  եկեղեցական բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւն է` համամիութեան շրջագիծէն ներս։

՝՝Ձեր աշխատանքը ըսաւ Սրբազան պապը պիտի նպաստէ հասկնալու­, որպէսզի մարդիկը լաւապէս հասկնան անոր նշանակութիւնը։ Սրտագին շնորհակալութիւն՝՝։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.