2016-10-31 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Շուէտ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 31 հոկտեմբեր 2016-ի ժամը 11-ին Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը­, սաւառնելէ ետք  Իտալիոյ, Աւստրիոյ ու Գերմանիոյ օդային տարածքներու վրայէն, վայրէջք կատարեց Շուէտի Մալմըյի օդակայան, ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ տեղական կառավարական ու եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ գլխաւորութեամբ  Շուէտի վարչապետ ` Տիար Սթեֆան Լըֆվէնի ու Շուէտի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Հէնրիք Եոզէֆ Նովաչքիի։ Ներկայ էին նաեւ Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան անդամներ ու Շուէտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։

Բարի գալուստի պաշտօնական արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը օդակայանի մէկ պաշտօնական սրահին մէջ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Շուէտի վարչապետին հետ որուն կ՛ընկերանար Շուէտի մշակոյթի նախարարը։

Հակիրճ հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Առաքելական Ճամբորդութեան կեցութեան վայր հանդիսացող` ''Igelosa Life Science Community'' անուամբ համալսարանական համալիր, ուր Նորին Սրբութիւնը առանձնական ճաշի կը մասնակցի, մինչ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան առթիւ կազմակերպուած երկու ձեռնարկներու` մէկը հիւրընկալուած Եկրրի Վարչապետէն իսկ միւսը Լունտի Համալսարանի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.