2016-10-31 11:05:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 17-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 31 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 17-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութեան հրաւէրով զինք առաջնորդեց Շուէտ իր մասնակցութիւնը բերելու Մարթին Լութերի վերանորոգումի 500-րդ տարեդարձի յիշատակումի տօնախմբութիւններուն։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնեցաւ առաւօտեան 8,20 անց, եւ Շուէտի Մալմօ օդակայան ժամանեց 2 ժամ 40 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք` առաւօտեան ժամը 11-ին, ուր եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորում։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսանայ Ս. Պետրոսի յաջորդներէն երկրորդը որ կ՛այցելէ Շուէտը, տրուած ըլլալով որ  1989-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետը եւս այցելութիւն տուած էր երկրին։

Կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի արտասանէ չորս ճառեր ու քարոզներ։

Դէպի Շուէտ տանող թռիչքի ժամանակ, ֆրանչիսկոս Պապ աւանդութեան համաձայն ողջունեց իր հետ ժամբորդող լրագրողները,  շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` իրենց կատարած աշխատանքին  համար։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ,  թէ Շուէտի ճամբորդութիւնը կարեւոր ճամբորդութիւն կը համարուի,  որովհետեւ՝  եկեղեցական բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւն է` համամիութեան շրջագիծէն ներս։

՝՝Ձեր աշխատանքը ըսաւ Սրբազան Պապը պիտի նպաստէ հասկնալու­, որպէսզի մարդիկը լաւապէս հասկնան անոր նշանակութիւնը։ Սրտագին շնորհակալութիւն՝՝

 








All the contents on this site are copyrighted ©.