2016-10-31 15:27:00

Համամիութենական աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հայցեց միութեան շնորհքը։


Համամիութենական աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզը

(Ռատիօ Վատիկան)  «Մնացէք իմ մէջս եւ ես ձեր մէջ» (Յովհ ԺԵ. 4)։ Այս խօսքերը, արտասանուած Քրիստոսի կողմէ, վերջին ընթրիքի ժամանակ, Իր խաչի մահէն քիչ ժամանակ առաջ, մեզ կը մերձեցնեն Քրիստոսի սրտին։ Կրնանք լսել Անոր սրտի սիրոյ բաբախումները՝ մեզի համար, եւ իր իղձը՝ որ բոլորը, որոնք Իրեն կը հաւատան՝ ըլլան մի։ Ան մեզի կʼըսէ, թէ Ինք ճշմարիտ որթատունկն է եւ մենք ոստերը. եւ՝ թէ ինչպէս Ինք մի է Հօր հետ, այնպէս ալ մենք պէտք է մի ըլլանք Իր մէջ, եթէ կʼուզենք պտղաբերել։

Այս աղօթքի հանդիպումին մէջ, կʼուզենք ցոյց տալ մեր միասնական բաղձանքը՝ մնալու մի Իր մէջ՝ որպէսզի կեանք ունենանք։ Խնդրենք Իրմէ՝ «Տէր, օգնէ մեզի, որ Քու շնորհքովդ ըլլանք աւելի միացած Քեզի՝ որպէսզի միասնաբար աւելի ազդու վկայութիւն տանք հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ»։

Այս նաեւ պահ մըն է՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, մեր բազմաթիւ եղբայրներու ջանքերուն համար, որոնք եկեղեցական տարբեր հասարակութիւններու մէջ կենդանի պահած են հաշտութեան յոյսը՝ բոլոր անոնց միջեւ, որոնք կը հաւատան միակ Տիրոջ։ Կաթողիկէներ եւ Լուտերականներ, սկսած ենք միասնաբար քալել հաշտութեան ճանապարհի վրայ։ Արդ, 1517ի Վերանորոգումի միասնական յիշատակումի ընթացքին, նոր առիթ մը ունինք՝ որդեգրելու հասարակաց ընթացք մը, որ կազմաւորուած է վերջին յիսուն տարիներուն՝ Միջազգային Լուտերական Դաշնութեան եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ կատարուած երկխօսութեան միջոցաւ։

Չենք կրնար յանձնուիլ բաժանումին եւ հեռացումին, որ անջատումը յառաջ բերած է մեր մէջ։ Կարելիութիւնը ունինք սրբագրելու զայն, մեր պատմութեան անկիւնադարձային մէկ պահուն, գերազանցելով անհամաձայնութիւններ եւ թիւրիմացութիւններ, որոնք ստէպ արգելք հանդիսացան իրար հասկնալու։ Յիսուս մեզի կʼըսէ՝ թէ Հայրը այգիին տէրն է (հմմտ Յովհ ԺԵ. 1), որ կը խնամէ զայն եւ կʼորոգէ՝ որպէսզի ան պտուղ տայ։ Հայրը տեւապէս մտահոգ է մեր եւ Յիսուսի յարաբերութեան մասին, տեսնելու համար, թէ արդեօք միացա՞ծ ենք Անոր։ Մեզ կը դիտէ, եւ իր սիրալիր հայեացքը մեզ կը քաջալերէ՝ մաքրել մեր անցեալը եւ աշխատիլ ներկայի մէջ՝ իրականացնելու համար միութեան այն ապագան, որուն կը ձգտի։

Մենք ալ պէտք է սիրով եւ անկեղծութեամբ դիտենք մեր անցեալը, ընդունինք սխալը եւ ներում խնդրենք. Աստուա՛ծ է միակ դատաւորը։ Պէտք է նոյն անկեղծութեամբ եւ սիրով ընդունինք, որ մեր բաժանումը հեռու էր Աստուծոյ ժողովուրդի նախնական մտատեսութենէն, որ կը տենչայ մնալ միաբան, եւ պատմականօրէն յաւերժացուած է՝ առաւելապէս իշխանութիւն ունեցող մարդոց՝ քան թէ հաւատացեալներու կողմէ, որ միշտ եւ ամենուրեք կարիքն ունին ապահով կերպով եւ գորովով առաջնորդուելու իր Բարի Հովիւի ձեռքով։ Երկու կողմերն ալ անկեղծ կամքն ունէին դաւանելու եւ պահպանելու հաւատքը, սակայն գիտակից ենք նաեւ, թէ մենք մեր մէջ փակուած ենք՝ վախի կամ ուրիշներու տարբեր շեշտաւորումով եւ լեզուով դաւանած հաւատքի նկատմամբ նախապաշարումի պատճառով։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը կʼըսէր՝ «Պէտք չէ առաջնորդուինք պատմութեան դատաւոր ըլլալու կեցուածքէն, այլ պէտք է լաւագոյնս հասկնանք դէպքերը եւ մարմնացնենք ճշմարտութիւնը»։

Աստուած այգիի Տէրն է, եւ անհուն սիրով զայն կը սնուցանէ եւ կը պահպանէ։ Թոյլ տանք, որ Աստուծոյ հայեացքը մեզ շարժէ։ Ան կը տենչայ միայն, որ մենք մնանք մի՝ ինչպէս կենդանի ոստեր՝ միացած Իր որդւոյն Յիսուսի։ Անցեալին ուղղուած այս նոր հայեացքով, չենք յաւակնիր իրականացնել կատարուածին սրբագրումը, որ անգործնական բան մը պիտի ըլլար, այլ «պատմել այդ իրադարձութիւնը տարբեր կերպով»։ Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ՝ «Առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհ ԺԵ. 5)։ Ան է, որ մեզ կը պահէ եւ մեզ կը քաջալերէ, փնտռելու կերպեր՝ միութիւնը վերածելու միշտ աւելի ակնյայտնի իրականութեան մը։ Անկասկածօրէն բաժանումը եղած է տառապանքի եւ անհասկացողութեան անհուն աղբիւր մը. սակայն միեւնոյն ժամանակ մեզ կը մղէ անկեղծօրէն գիտակցելու, որ առանց Անոր ոչինչ կրնանք ընել։

Երախտագիտութեամբ կʼընդունինք, որ Վերանորոգումը նպաստեց, որ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մասնաւոր տեղ տանք Սուրբ Գրքին։ Աստուածաշունչի աստուածային խօսքի ունկնդրումով՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Միջազգային Լուտերական Դաշնութեան միջեւ երկխօսութիւնը, որուն 50ամեակը կը յիշատակենք, կարեւոր քայլեր կատարած է։ Խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզ պահէ միացած,Իր Խօսքով  որովհետեւ ան է կեանքի սնունդի աղբիւրը. առանց անոր ներշնչումին ոչինչ կրնանք ընել։

Մարթին Լութերի հոգեւոր ապրումը մեզ կը մղէ եւ մեզի կը յիշեցնէ որ ոչինչ կրնանք ընել առանց Աստուծոյ։ «Ի՞նչպէս կրնամ ողորմած Աստուած մը ունենալ»։ Այս էր այն հարցը, որ տեւապէս կը տանջէր Լութերը։ Իրականին, Աստուծոյ հետ մեր ունեցած ճիշտ յարաբերութեան հարցը՝ կեանքի վճռական հարցն է։ Լութեր, այս ողորմած Աստուածը կը տեսնէր մարմնացեալ, մահացեալ եւ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին մէջ։ «Միայն աստուածային շնորհքով» - այս մտապատկերով, մենք կը յիշենք, թէ Աստուած միշտ նախաձեռնողն է, եւ կը կանխէ մարդկային որեւէ պատասխան, այն րոպէին իսկ, ուր մարդը կը փորձէ որեւէ հարց բարձրացնել։ Յիսուս, իբր միջնորդ, մեզի համար կը բարեխօսէ Հօր մօտ, եւ կʼաղօթէ իր աշակերտներու միութեան համար՝ «որպէսզի աշխարհ հաւատայ» (Յովհ ԺԷ. 21)։ Սա մեզ կը մխիթարէ եւ մեզ կը մղէ միանալու Յիսուսի, եւ թախանձագին խնդրելու Իրմէ՝ «Տուր մեզի միութեան շնորհքը, որպէսզի աշխարհ հաւատայ Քու ողորմածութեանդ զօրութեան»։ Այս է այն վկայութիւնը, որ աշխարհ մեզմէ կը սպասէ։

Իբր քրիստոնեաներ, ողորմածութեան արժանահաւատ վկաներ ենք՝ այն չափով,  որով կը ներենք,  որով նորոգումն ու հաշտութիւնը առօրեայ ապրումներ կʼըլլան։ Միասնաբար կրնանք աւետարանել, ամուր եւ ուրախ կերպով հաստատել Աստուծոյ ողորմածութիւնը, պաշտպանելով եւ պահպանելով իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը։ Առանց աշխարհի մատուցուած այս ծառայութեան, քրիստոնէական կրօնքը կը մնայ թերի։ 

Լուտերականներ եւ կաթողիկէներ, միասնաբար կʼաղօթենք այս տաճարին մէջ եւ գիտակից ենք, որ առանց Աստուծոյ ոչինչ կրնանք ընել։ Խնդրենք Իր օգնութիւնը՝ որ ըլլանք կենդանի անդամներ եւ միացած Անոր, միշտ կարիքն ունենալով Անոր շնորհքին՝ միասնաբար կարենալ տանելու համար Անոր խօսքը աշխարհին, որ կարիքն ունի Անոր գուրգուրանքին եւ Անոր ողորմածութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.