2016-10-31 16:16:00

Կաթողիկէ – Լուտերական Եկեղեցիներու միասնական յայտարարութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լուտերական Վերանորոգումի Միասնական յիշատակումի առթիւ, երկուշաբթի 31 հոկտեմբեր 2016-ին, Լունտի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած համամիութենական աղօթքի աւարտին, տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ – Լուտերական Եկեղեցիներու միասնական յայտարարութեան ստորագրութեան արարողութիւնը նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու Լուտերական համաշխարհային դաշնութեան նախագահ Գերապայծառ Մունիպ Եունանին։

''Երախտապարտ սրտով մեր այս միասնական յայտարարութեամբ գոհունակութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, մեզ շնորհած միասնական աղօթքի պահուն համար Լունտի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որով սկիզբ տուինք վերանորոգումի 5-րդ դարադարձի յոբելեանի յիշատակումին'', սոյն բառերը մաս կը կազմեն վերոնշեալ միասնական յայտարարութեան նախաբանին որուն մէջ ապա ընդգծուած են 50 տարիներու համամիութենական  երկխօսութեան գործընթացին պարգեւուած պտուղները ու անոնց միջոցաւ դէպի միութիւն առաջնորդող արձանագրուած քայլերը։

''Երկխօսութեան ու բաժնեկցութեան վկայութեան ընդմէջէն մենք այլեւս օրականներ չենք ընդհակառակը սորվեցանք թէ այն որ մեզ կը միացնէ աւելի մեծ է քան այն որ մեզ կը բաժնէ'' գրուած է միասնական յայտարարութեան մէջ ուր ապա անդրադարձ կատարուած է անցեալի հակառակութիւններու ու աստուածաբանական վէճերուն, հաստատելով թէ ''Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքը կը պահանջէ առօրեայ ապաշխարութիւն, որուն միջոցաւ հարկաւոր է մերժել անհասկացողութիւնները ու պատմական հակամարտութիւնները որոնք խոչընդոտ են հաշտութեան''։

Յայտարարութեան մէջ ապա հրաւէր կ՛ուղղուի աղօթելու անցեալի վէրքերու բուժման համար մերժելով ատելութիւնն ու բռնութիւնը ապա յանձնառութիւն կը յայտնուի գործելու միասին ի սպաս` Աստուծոյ ողորմած շնորհքի  միասնական վկայութեան­, ինչպէս նաեւ կը մատնանշուի միասնական հովուական պատասխանատուութեան համապատասխանելու հաւատացեալներու սովին ու ծարաւին` դառնալու մի ի Քրիստոս, հուսկ այս առնչութեամբ կը հաստատուի թէ ''մեր նպատակակէտն է Քրիստոսի Մարմնի վէրքը խնամել''։

Յիշելէ ետք աշխարհը խոցող զանազան վէրքերը ու անհատներու արժանապատուութիւնը վիրաւորող իրողութիւնները յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ 'Այսօր աւելի քան երբեք աշխարհի նուիրուած մեր միասնական ծառայութիւնը պէտք է նեռարէ համայն արարչագործութիւնը'' ապա հրաւէր ուղղուած է աղօթելու սրտերու ու մտքերու փոփոխումին համար որպէսզի անոնք ձգտին սիրալիր ու պատասխանատու վերաբերմունք մը ունենալ արարչութեան նկատմամբ։ 

Միասնական յայտարարութեան աւարտին կոչ կ՛ուղղուի Լուտերական ու կաթողիկէ հասարակութիւններուն մէկդի դնելու անցեալի հակառակութիւնները ու աշխատելու ի սպաս աստուածային միութեան պարգեւին։

Յայտարարութիւնը եզրափակուած է հետեւեալ նախադասութեամբ. ''Արմատացած Քրիստոսի մէջ ու զայն վկայելով կը նորոգենք մեր վճռակամութիւնը ըլլալու Աստուծոյ մարդկութեան ցուցաբերած անհուն սիրոյն հաւատարիմ ջատագովները''








All the contents on this site are copyrighted ©.