2016-10-29 11:16:00

Վանականութիւն (ԺԷ)


Հաղորդաշարի նախորդ մասերուն մէջ յիշեցինք, թէ ինչն էր կրօնաւորական կեանքի գաղափարականը, ի´նչն էր՝ որ բազմահազար մարդիկ կը մղէր ընդգրկելու ճգնութեան, առանձնութեան եւ զրկանքի կեանքը։ Սակայն, անոնք իրենց կեանքը չէին նկատէր հրաժարում կամ զրկանք՝ այլ նուիրում եւ հարստացում։ Անոնց նպատակն էր, ձերբազատուիլ աշխարհային եւ նիւթական ստացուածքներէ, հանգստաւէտութենէ եւ մարդկային կապերէ կամ կապուածութիւններէ, եւ “նմանիլ հրեշտակներու”։ Անոնք իրենց կեանքը կ’անցընեն աղօթքով եւ ճգնութեամբ։
Կրօնաւորական կեանքը Հայաստանի մէջ կը սկսի Գրիգոր Լուսաւորիչով, որ իր հետ Սեբաստիայէն կրօնաւորներ կը բերէ։
Կրօնաւորական կեանքը նախապէս վանական չէր, չէին կազմակերպուած վանական հասարակութիւններ։ Այդ կեանքի նուիրեալները անապատականներ եւ միայնակեացներ էին։ Ժամանակի ընթացքին նուիրեալներու կարգերուն մէջ մուտք գործեցին նաեւ զեղծումներ եւ չափազանցութիւններ։ Ասոր համար, Հայրապետներ, ինչպէս Բարսեղ Մեծ, կազմակերպեցին կրօնաւորական կեանքը։ Հայաստանի մէջ կազմակերպչական այդ աշխատանքը կատարուեցաւ Ներսէս Ա. Մեծ Պարթեւի ժամանակ։ Ներսէս Մեծ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ 364 թուականին։ Յաջորդ տարին իսկ ան գումարել կու տայ Աշտիշատի Ժողովը։ Ժողովը իր կանոններով կը կազմակերպէր եկեղեցական կեանքը եւ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը՝ մատուցուած ընկերութեան։ Աշտիշատի Ժողովը կը սահմանէ որ հիմնուին ուրկանոցներ, հիւանդանոցներ, այրիանոցներ եւ որբանոցներ։ Իսկ 6րդ կանոնը կը հայի կրօնաւորներուն։ Այնտեղ ժողովը կը հաստատէ՝ “Այդ ժամանակի կրօնաւորները սկսած էին դատարկաշրջիկ ըլլալ եւ անոնցմէ ոմանք քաղաքի մէջ՝ աշխարհականներու տունը կը մնային, եւ շատեր ամէն օր գիւղերու մէջ կը բնակէին իբրեւ վանք։ Ասոր դարման տանելու համար, Ներսէս Մեծ հրամայեց կառուցել կրօնաւորներու երեք դասեր՝ անապատ տեղերու մէջ։ Առաջին՝ եղբայրանոցներ կամ միաբանակից կրօնաւորներու վանքեր, երկրորդ՝ միայնարաններ, այսինքն այնպիսի վանքեր՝ ուր թէպէտ շատեր կը բնակէին, բայց առանձին կը ճգնէին։ Երրորդ՝ առանձնակեացներու բազմաթիւ խրճիթներ եւ ասոնց բոլորին տուաւ կանոններ։”
Մովսէս Խորենացին ալ, իր պատմութեան մէջ կը յիշէ, թէ Ներսէս Հայրապետ անապատ եւ անմարդաբնակ տեղեր կը կառուցէ եղբայրանոցներ, մենաստաններ եւ միայնակեացներու խրճիթներ։
Ներսէս Մեծ բաերկամութիւն ունէր Բարսեղ Կեսարացիի հետ։ Բարեսղ կեսարացի արդէն յունական շրջանի մէջ կատարած էր կազմակերպչական աշխատանքներ, ինչպէս կը յիշէ Խորենացի, նշելով թէ Ներսէս ներշնչուած էր Սուրբ Բարսեղէն։
Խորենացի մանրամասն կը պատմէ Ներսէս Մեծի կատարած հսկայական աշխատանքի մասին։
“Արշակի թագաւորութեան երրորդ տարին, Հայաստանի եպիսկոպոսապետ եղաւ Ներսէս Մեծ, որդի Աթանագինէսի։ Բիւզանդիայէն Կեսարիա դառնալով, հասաւ Հայաստան եւ նորոգեց իր Հայրերու բոլոր կարգերը, նաեւ աւելիով. որովհետեւ այն բարեկարգութիւնը, որ տեսած էր յոյներու աշխարհին մէջ, մանաւանդ թագաւորական քաղաքին մէջ (Կոստանդնուպոլիս), կ’իրականացնէ նաեւ այնտեղ։ Ան ժողով գումարեց եպիսկոպոսներով եւ բոլոր աշխարհականներով, կանոնական սահմանադրութեան միջոցաւ ողորմածութիւն հաստատեց, խլելով անգթութեան արմատը, որ բնական սովորութիւն էր մեր երկրին մէջ։ Որովհետեւ բորոտները, որոնք ըստ օրէնքի պիղծ համարուած էին՝ կը հալածուէին. կը փախցնէին ուրուկները, որպէսզի անոնցմէ հիւանդութիւնը չվարակուի։ Անոնց հանգստավայրը անապատ եւ ամայի տեղեր էին, անոնց ծածկոյթը՝ վէմեր եւ մացառներ, որովեհետեւ ոչ մէկէն մխիթարութիւն կը գտնէին իրեցն թշուառութեան համար։ Նաեւ հաշմանդամները չէին խնամուէր, անծանօթ հիւրերը չէին ընդունուէր, եւ օտարները հիւրընկալութիւն չէին ընդուներ։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.