Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ երեսփոխանները չեն կրցած քուէարկութեան առաջին փուլին վարչապետի պաշտօնին վրայ հաստատել ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մարիանօ Ռախոյը:
«Լա Վանկարտիա» կը հաղորդէ, որ առաջին փուլին յաղթանակ արձանագրելու համար Ռախոյ պէտք էր ստանար 350 երեսփոխաններէն 176-ին քուէները:
Խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան հիմամբ գործող վարչապետի թեկնածութեան թեր քուէարկած է 170 երեսփոխան, իսկ դէմ` 180 երեսփոխան:
Մարիանօ Ռախոյին աջակցած են իր գլխաւորած Ազգային կուսակցութեան երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ «Քաղաքացիներ» կուսակցութիւնը եւ Քանարեան համախմբումը:
Ռախոյի թեկնածութեան շուրջ քուէարկութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
All the contents on this site are copyrighted ©. |